ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Լոս Անճելըս գաւառի գիտական մրցանքին մասնակցած «Շամլեան»էն 11 աշակերտներէն հինգը, Ապրիլ 16էն ընտրուած են մասնակցելու Քալիֆորնիոյ նահանգային գիտական մրցանքին, ինչ որ յատկանշական իրագործում մըն է, նկատի ունենալով, որ նահանգին 32 գաւառներէն հազարաւոր աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին մրցանքին:
Նահանգային 60րդ գիտական մրցանքը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 2-3ին եւ անոր մասնակցելու իրաւունք ստացած «Շամլեան»ի աշակերտներն են՝ Յակոբ Մարկոսեան, Դալար Քասապեան, Լիոնա Աբրահամեան, Մեթիու Յարութիւնեան ու Վահէ Եագուպեան:
Վարժարանը կը շնորհաւորէ աշակերտները եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ գիտական մրցանքները համակարգող անոնց ուսուցչուհիին՝ Լիդա Գէորգեանին, աշակերտները լաւագոյնս պատրաստելուն համար այս գիտական մրցումներուն: