ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ազատախոհ Ֆրանսային, լոյսի ու արուեստի երկիր Ֆրանսային Ծերակոյտը, երէկ, թրքական իշխանութեանց ճնշումներուն առջեւ ընկրկելով՝ նսեմացուց ինքզինք, եւ ծանր հարուած հասցնելով սեփական երկրի վարկին ու հեղինակութեան՝ դասեց զայն մարդկային սկզբունքները սակարկելի դարձնող սովորական պետութեանց շարքին:
Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրէնքը չհաստատող Ծերակոյտին դիրքորոշումը այլ կերպ կարելի չէ մեկնաբանել, եթէ ոչ՝ քաղաքական հաշուարկներու անձնատուր ըլլալու տմարդի վարքագիծի տխուր ցուցանիշ:
Արդէն իսկ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցած (1988) պետութեան մը համար առաւել եւս անհասկնալի է Ծերակոյտի այս քուէարկութիւնը, որ պարզապէս ինքզինք հակասող ու աշխարհի պետութիւններուն ու միջազգային հանրութեան հակասական պատգամներ յղող երկիրի մը վիճակին մէջ կը դնէ Ֆրանսան:
Ֆրանսահայութիւնը, որ վերջին շրջանին ողջունելի միասնականութիւն կը դրսեւորէ ազգային հիմնական հարցերուն վերաբերեալ, եւ որ բարեբախտութիւնը ունի այս հարցի հետապնդման մէջ իր կողքին ունենալու Շարլ Ազնաւուրի նման միջազգային հռչակի տէը աստղ մը, արդէն իսկ արտայայտած է իր վճռականութիւնը շարունակելու պայքարը, շարունակելու օրինագիծին դէմ քուէարկող ծերակուտականները իրենց խղճի ձայնին ունկնդիր դարձնելու ճիգերը:
Ֆրանսահայութիւնը նաեւ իր գործով ու քուէով պիտի արտայայտէ իր յուսախաբութիւնը՝ նախագահ Նիքոլայ Սարքոզիէն, որ իր պաշտօնին ու դիրքին անյարիր երկերեսութեամբ, փոխանակ իր քաղաքացիներուն զգայնութիւններուն ուշադիր ըլլալու՝ թոյլատրեց ու վարձատրեց մէկ այլ պետութեան միջամտութիւնը իր երկրի ներքին գործերուն:
Մենք հպարտութեամբ կը հետեւինք ֆրանսահայութեան պայքարին եւ կը մաղթենք, որ անոր թափած ճիգերը շուտափոյթ արդիւնաւորուին: