
Քալիֆորնիա հաստատուած Շահան Նաթալի ընտանիքին ոչ շահաբեր հիմնարկին նախաձեռնութեամբ, Երեւան հաստատուած «ITE CJSC» ընկերութեան նախագահ Գարեգին Չուքասզեան սկսած է պատրաստելու Կոմիտասի կեանքին ու գործին նուիրուած DVD մը, ուր պիտի մէկտեղուին Կոմիտասի երգերու հաւաքածոները, լուսանկարներ եւ այլ տեղեկութիւններ: «Komitas: The Life and Works» խորագիրով գործը հանրութեան ծանօթացնելու համար, կը ծրագրուի Չուքասզեանը հրաւիրել Քալիֆորնիա եւ Մեսեչուսեց, որպէսզի ան դասախօսէ ամերիկեան շարք մը յայտնի համալսարաններու, ինչպէս նաեւ հայկական շարք մը կեդրոներու մէջ:
Այս աշխատանքին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ անոր նիւթապէս օժանդակելու համար, այցելել www.indiegogo.com/komitas կայքէջը: