
Հայկական Ցեղասպանութեան 96րդ տարելիցին առթիւ, Երկուշաբթի, Ապրիլ 25ին, «Յիշատակ Մեռելոց»ին, առաւօտեան ժամը 11ին, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, մասնակցութեամբ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ, Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւորականներուն, հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցուեցաւ:
Պատարագիչն էր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան: Դպրաց դասի երգեցողութիւնը կատարեց «Խաչատուրեան» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Ալենուշ Եղնազարի եւ երգեհոնահարութեամբ Գեղամ Աշճեանի: Նախքան «Հայր Մեր»ը, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան ողջունեց պատարագիչ սրբազան հայրը, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Գրիգոր վրդ. Շահինեանը, Հիւսիսային Ամերիկայի հայ աւետարանական միութեան վերապատուելի Յովսէփ Մաթոսեանը, բոլոր հոգեւորականները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը: Ապա հրաւիրեց պատարագիչ սրբազան հայրը, որ իր սրտին խօսքը փոխանցէ:
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին այս հրաւէրին համար եւ յայտնեց, թէ Մայր տաճարի օծումէն ետք ասիկա առաջին համատեղ Ս. պատարագն է եւ իրեն համար՝ «Ուխտի սուրբ պատարագ է»: Ապա Գրիգոր վրդ. Շահինեան եւ վեր. Յովսէփ Մաթոսեան իրենց սրտին խօսքը արտասանեցին:
Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան տուաւ օրուան պատգամը՝ ըսելով. «Մեր ժողովուրդը դարերով ո՛չ գութ, ո՛չ այլ հիացում ակնկալած է, այլ՝ Աստուծոյ արդար արեւին տակ ազատ եւ խաղաղ ապրելու իրաւունքը։ Անշուշտ չենք կրնար հրաժարիլ մեր իրաւունքներէն, մեր աստուածարեալ նախնիքներու արեան գինը եղող հողերէն, որոնց դերը անհերքելի եւ չհինցող զգացում է, անհուն մուրհակը մեր դարաւոր ժառանգութեան», ապա աւելցուց. «Կար ժամանակ, երբ 24 Ապրիլը հայ ժողովուրդի համար սուգի օր էր. 24 Ապրիլը մեր ազգի զաւակաց համար այսօր եւ գալիքին համար յաղթանակի օրն է եւ մեր ազգի յարութեան տօնն է։ Այս պիտի ըլլայ նշանաբանը մեր կեանքին։ Այսօրուան աշխարհը վկան է այս ճշմարտութեան։ Բայց բոլորիս իտէալը պիտի ըլլայ դառնալ հզօր ազգ՝ ո՛չ միայն լօզունգներ յայտարարելով, այլեւ ժողովուրդներու կեանքին մէջ մեր անունն ու ներկայութիւնը պարտաւորեցնելով տնտեսական յաջողութիւններով, տեղական քաղաքական կեանքի մէջ ասպարէզներ գրաւելով, նորահաս սերունդներուն քաջալերելով ուսումնական բարձունքներ, գիտական աշխարհի ու արուեստի բնագաւառէն ներս առաջին տեղերը խլելով։ Ահա այն ատեն հզօր պետութիւններ հաշուի պիտի առնեն մեր ազգի արդար պահանջատիրութիւնը։ Որովհետեւ շատ յաճախ համայնքային մեր կեանքին մէջ լճացած ենք եւ անհաղորդ՝ իրական աշխարհին հետ»։
Պատարագի աւարտին հոգեւորականներ թափօրով առաջնորդուեցան դէպի Մայր տաճարի շրջափակին մէջ կանգնած Նահատակաց խաչքար, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում եւ հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն: Այնուհետեւ, «Արմէն Համբար» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն հոգեւորականներուն համար: