ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի հասարակական մտայնութեան մէջ խոր արմատ նետած է կասկածամտութիւնը, թերահաւատութիւնը: Դառն յուսախաբութիւններ ապրած մեր ժողովուրդը ամէն իրաւունք ունի իւրաքանչիւր քաղաքական գործիչի կամ կուսակցութեան ձեռնարկած քայլերուն հանդէպ հաւատք չընծայելու:
Ժողովուրդի այս մտայնութեան հարազատ արտայայտութիւն է, օրինակ, հրապարակագիր Յակոբ Բադալեանի՝ «Լրագիր» համացանցային լրատուական ծառայութեան կայքէջին մէջ հրատարակուած յօդուածին հետեւեալ բաժինը.
«Դաշնակցութիւնն իր պատգամաւորներին գրասենեակներ է բացում տարբեր համայնքներում, որտեղ ընտրողները կարող են մտնել ու իրենց խնդիրները ներկայացնել պատգամաւորներին: Ըստ երեւոյթին, ՀՅԴն Հայաստանում գրասենեակների յեղափոխութիւն է նախապատրաստում: Երեւի թէ «Քուէն ուժ է» շարժումը չի ստացւում, եւ ՀՅԴն սկսել է մտածել, որ գրասենեակն է ուժ: Մինչդեռ Հայաստանում գրասենեակը վաղուց է մեռել, յատկապէս պատգամաւորական գրասենեակները, որովհետեւ հանրութիւնը շատ լաւ գիտէ, թէ երկրում ի՛նչ արժէ, ի՛նչ գին ունի պատգամաւորական մանդատը, ի՛նչ լիազօրութիւն ունի, ի՛նչ հարց է լուծում»:
Պատգամաւորներու կողմէ ղեկավարուող թաղային գրասենեակները, ուր կրնան դիմել իշխանութեան օղակներուն հետ խնդիրներ ունեցող քաղաքացիներ, կրնա՞ն երկրին մէջ բան մը փոխել, կրնա՞ն համատարած անարդարութեան պայմաններու մէջ ընդհանրապէս ինքզինք անպաշտպան զգացող մարդուն թեւ ու թիկունք դառնալ, յոյս ներշնչել:
Ազգային ժողովի պատգամաւորին հանգամանքը, առաւել Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կազմակերպական կարելիութիւնները, պէտք է կարենան արդարութիւն հետապնդելու հնարաւորութիւններով օժտել այդ գրասենեակները: Իշխանական համակարգին մէջ առկայ փտախտը հաւանաբար թոյլ չտայ, որ հետապնդուած հարցերը յաճախ դրականօրէն արդիւնաւորուին, սակայն, այդ ամբողջ գործընթացը կրնայ նպաստել համակարգին ախտերը հրապարակելու, փտախտի վարակով աշխատող պաշտօնեաները խայտառակելու գործին: Այդքանն ալ եթէ նոյնիսկ չի մխիթարեր իրաւազրկուած քաղաքացին, առնուազն՝ Դաշնակցութեան քաղաքական պայքարի զինանոցը հարստացնող փորձառութեան կը վերածուի, պայքարի իր մարտավարութիւնը սրբագրելու ճանապարհներ ցոյց կու տայ կուսակցութեան պատասխանատուներուն:
Ամէնէն կարեւորը, որ այս գրասենեակներու գործունէութիւնը կրնայ փորձաքար մը ըլլալ կուսակցութեան գործիչներուն համար, որպէսզի իրենց աշխատանքով, իրենց գործով կարենան ապացուցել քաղաքացիներուն, թէ պատրաստ են իրենց կարելին ընելու՝ ի պաշտպանութիւն անոնց իրաւունքներուն. պատրաստ են ամէն գնով պայքարելու քաղաքացիները ճնշող ու բարոյալքող անարդարութեանց դէմ:
Արմատաւորուած թերահաւատութիւնը արմատախիլ ընելու համար, անշուշտ աւելի լայնածաւալ, հետեւողական, նպատակասլաց գործողութիւններ պէտք է ծրագրուին ու գործադրուին կուսակցութեանց կողմէ: Կարեւորը չվհատիլն է, չյուսահատիլ եւ՝ հաւատալ սեփական ուժին: