Հայց. եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի հոգեւորականաց տարեկան համագումարը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 27ին, առաջնորդարանին մէջ՝ նախագահութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, որ ողջունեց հոգեւորականները եւ յատկապէս Ս. Էջմիածինէն՝ Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդ Մարկոս եպս. Յովհաննիսեանը, որ սրբազան հօր հրաւէրով հիւրաբար կ՛այցելէր թեմ, եւ մասնակցեցաւ հոգեւորականաց, Տիկնանց միութեան եւ պատգամաւորական ժողովներուն:
Առաջին նիստին, Մարկոս եպս. Յովհաննիսեան կարդաց Ամենայն հայոց կաթողիկոսին պատգամը, իսկ առաջնորդը խօսեցաւ Գեղարքունեաց թեմէն ներս Մարկոս սրբազանին կատարած հոգեւոր առաքելութեան մասին: Ապա սրբազան հայրը ներկայացուց իր զեկոյցը՝ կեդրոնանալով հետեւեալ կէտերուն վրայ. առաջնորդարանի եւ ծուխերուն հոգեւոր առաքելութիւնը եւ փոխյարաբերութիւնը, ծխական խորհուրդներուն աշխատանքը՝ յատկապէս այս տարի, որ հռչակուած է «Քահանայութեան տարի», Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախապատրաստական աշխատանքները, «Քոյր եկեղեցի»ներուն օժանդակութիւնը, առաջնորդարանի խնամակալութեան ծրագիրի կենսական դերը հոգեւորականներ պատրաստելու աշխատանքին մէջ, ծուխերու անդամակցութեան նոր թափ տալը եւ աշխատանքային ուղեցոյց ունենալու անհրաժեշտութիւնը:
Շինարարական ծրագիրներու մասին ակնարկելով՝ ան յայտնեց, թէ Սիաթըլի Հայց. եկեղեցւոյ օծումը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոսին կամ Սեպտեմբերին, իսկ Ռենչօ Միրաժի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ օծումն ալ՝ հաւանաբար այս տարի: Ան նաեւ գնահատեց կիրակնօրեայ վարժարաններու խորհուրդին կատարած օգտակար ծառայութիւնն ու «Հայ քրիստոնեայ երիտասարդաց առաքելութիւն՝ դէպի Հայաստան» ծրագիրը, որուն միջոցաւ Յուլիսի սկիզբը 25 երիտասարդներ պիտի այցելեն Հայաստան՝ մէկ ամիսով: Առաջնորդը նաեւ խոստացաւ Գեղարքունեաց թեմի վեց Կիրակնօրեաները հովանաւորել յառաջիկայ հինգ տարիներուն:
Ապա, երիտասարդաց վարիչ Աւետիս քհնյ. Աբովեան տեղեկութիւններ հաղորդեց երիտասարդաց գործունէութիւններուն մասին:
Ժողովին 2րդ նիստին, Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան խօսեցաւ «Քահանան, իբր ԾԱՌԱՅ, կանչուած է ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ՝ Աստուծոյ եւ մերձաւորին» նիւթին շուրջ:
Հոգեւորականներու կողմէ կարդացուեցաւ Ս. Ներսէս Շնորհալի «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքը եւ Մարկոս սրբազան հօր «Պահպանի»չով փակուեցաւ միօրեայ համագումարը: