
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Մինչեւ Մայիս 29 պիտի շարունակուի Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Էլ.Էյ. Արթքոր»ի ցուցադրասարհին մէջ (LA Artcore, Union Center for the Arts, 120 Judge John Aiso Street Los Angeles, CA 90012) գեղանկարիչ Ռազմիկ Սամուէլց Հաճիկեանի գործերուն անհատական ցուցահանդէսը, որ սկսած էր Մայիս 1ին:
Հաճիկեան սոյն ցուցահանդէսը նուիրած է իր մեծ մօր՝ Մարի Լենտեանին, որ Հայոց Ցեղասպանութնէն վերապրող մըն է:
Ռազմիկ Հաճիկեան ծնած է Երեւան, 1954ին, իսկ 1976ին շրջանաւարտ եղած է «Թերլեմեզեան» արուեստի դպրոցէն, իսկ 1983ին՝ Երեւանի Թատրոնի եւ արուեստի հիմնարկէն: 1994ին, անոր գործերը ցուցադրուած են Երեւանի Ժամանակակից արուեստի ու Պէյրութի «Անթոլոժի» ցուցադրասրահներուն մէջ, իսկ 1995ին, ան դարձած է Հայաստանի արուեստագէտներու միութեան անդամ եւ անոր գործերը ցուցադրուած են միութեան ցուցադրասրահին մէջ: 1997ին, ան անհատական ցուցահանդէս մը կատարած է նաեւ Պեվըրլի Հիլզի «ՊՕՎԱ» ցուցադրասին մէջ: Ան նաեւ մասնակցած է բազմաթիւ խմբային ցուցահանդէսներու, Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու տարածքին: Անոր գործերը կը գտնուին Լոս Անճելըս գաւառի արուեստի թանգարանին, Նիւ Ճըրզիի «Նորթըն Տա»չ թանգարանին ու Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հաւաքածոներուն մէջ:
Հաճիկեան նաեւ գեղանկարչութեան դասընթացքներ տուած է՝ սկսելով «Թերլեմեզեան» արուեստի դպրոցէն (1983-1996) ու հասնելով մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, ուր ան հաստատուած է 1997ին: 1999ին, ան հաստատած է «ART 4 ART» արուեստանոցը Կլենտէյլի մէջ, ընդունելով տարբեր տարիքի աշակերտներ: