ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Մայիս 12ին, լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին հայկական եթերին մասին քննադատական կարծիք հնչեցուց երգահան Արթուր Իսպիրեան: Ան յայտնեց, թէ եթերը վերածուած է աղբի։ Ըստ անոր, վարկանիշ ապահովելու համար, հեռատեսիլի ընկերութիւններու սեփականատէրերը պատրաստ են լափով կերակրելու այս ազգը:
Անոր խօսքով, «ճաշարանը տեղափոխուած է եթեր», հեռատեսիլը ողողած են արաբական «ռիթմ»երը, որոնցմէ պէտք է ազատիլ: «Եթէ ինձանից կախուած լինէր, ես կը մաքրէի դաշտը, եւ կը լինէին մարդիկ, ում կատարումները պարզապէս եթեր չէին հեռարձակուի», նկատեց երգահանը՝ միեւնոյն ժամանակ հրաժարելով անուններ տալէ:
Իսպիրեան նաեւ նշեց, թէ հայկական եթերը մաքրելու համար, պէտք է ստեղծուի գեղխորհուրդ, որ կազմուած ըլլայ լուրջ մարդոցմէ, որոնք, իրենց կարգին, պիտի ընտրեն այն հաղորդումները, որոնք պէտք է եթեր հեռարձակուին:
Անդրադառնալով «Եւրոտեսիլ» մրցումին՝ Իսպիրեան ըսաւ, որ Հայաստան պէտք է ներկայանար առաւել խոր եւ արժանապատիւ կերպով, եւ ոչ թէ «Boom-Boom»ի նման ոչինչ ըսող կատարումով:
«Կարծում եմ՝ աւելի ճիշդ կը լինի, որ յաջորդ տարի Հայաստանն այդ մրցոյթին մասնակցի «ռոք» կատարմամբ, պրոֆեսէօնալ թիմով (խումբով), ընդ որում, լաւագոյն տարբերակ կարող է լինել, օրինակ՝ «Դորեանս» խումբը», նկատել տուաւ Իսպիրեան:
Անոր խօսքով, Էմմին բազմաթիւ արժանիքներ եւ մրցանակներ ունի, լուրջ երգչուհի է եւ «Եւրոտեսիլ»ին մասնակցելու համար պէտք է ընտրէր առաւել խոր, լաւ գործիքաւորուած եւ լուրջ երգ:
«Եթէ «Boom-Boom»ը ներկայացուէր նախորդ տարի, գուցէ նոյնիսկ յաղթող ճանաչուէր, սակայն ինչպէս երեւաց, այս տարի մրցոյթի կազմակերպիչներն առաւել մեծ ուշադրութիւն դարձնում էին երգերին, ոչ թէ՝ «շօ»ին», ըսաւ երգահանը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հանրային հեռատեսիլի ընկերութիւնը հաւանակա՞ն է հետեւութիւններ ընէ այս տարի կրած ձախողութենէն, եւ պիտի փորձէ՞ յաջորդ տարի առաւել հետաքրքրական կատարում ուղարկել Եւրոպա՝ Իսպիրեան յայտնեց. «Ի հարկէ, միւս տարի առաւել լաւ եւ փրոֆեսէօնալ երգ կ՛ուղարկուի, որովհետեւ Հանրայինը Էմմիի յաղթանակը նրանից էլ շատ էր ցանկանում»:
Նշենք, որ Մայիս 11ին տեղի ունեցած «Եւրոտեսիլ-2011»ի առաջին կիսաեզրափակիչին, Էմմին պարտութիւն կրեց եւ հնարաւորութիւն չունեցաւ եզրափակիչին ներկայանալու։