
ՄԱՆԱՄԱ, «Ռոյթըրզ».- Պահրէյնի բանակի սպայակոյտի պետը Հինգշաբթի, Մայիս 12ին յայտարարեց, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու ուժերը, որոնք երկրին շիի մեծամասնութեան ըմբոստութիւնը ճնշելու համար միջամտեցին, Պահրէյն պիտի մնան մինչեւ իսկ յառաջիկայ ամիս ակնկալուած արտակարգ դրութեան ջնջումէն ետք։
Այդ քայլը հաւանական է, որ խորացնէ շրջանային լարուածութիւնը։ Իրան, Պահրէյնի մէջ 1500 զինուորներէ բաղկացած ուժին միջամտութիւնը՝ սիւննի պետութիւններու կողմէ «բռնագրաւում» կը նկատէ։
Պահրէյնի բանակի սպայակոյտի պետ շէյխ Խալիֆա պըն Համատ Խալիֆա նաեւ սպառնաց աւելի խիստ կերպով ճնշել, եթէ ցուցարարները փողոց վերադառնան։
Պահրէյնի թագաւորը յայտարարած էր, թէ երկրին մէջ արտակարգ դրութիւնը պիտի վերցուի Յունիս 1ին: