Հայ Կրթական Հիմնարկութեան բարեգործութիւններու թուարկումը ծաւալուն հրատարակութիւններու կը կարօտի: Թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ հայրենիքի կրթական ոլորտին մէջ այս հիմնարկութեան իրագործած ծրագիրները, յատկացումները, բաշխած կրթաթոշակները, վերանորոգած ու կառուցած դպրոցները արժանի են խորունկ գնահատանքի:
Իր անդամներուն անդամավճարով ու նուիրատուութիւններով իր բարեգործական աշխատանքը տանող հիմնարկութիւնը կը վայելէ բոլորիս յարգանքն ու վստահութիւնը:
Այսօր կ՛ողջունենք Հայ Կրթական Հիմնարկութեան նախաձեռնութիւնը՝ «Նիւ Եորք Լայֆ»ի դէմ բացուած դատէն շահուած գումարէն իրեն յատկացուած բաժինի տնօրինման մասին հրապարակային զեկոյց տալու քայլը:
Հիմնարկութիւնը կը յայտնէ, թէ «Նիւ Եորք Լայֆ»ի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ յաճախորդներու կեանքի ապահովագրութեանց դիմաց կատարուած հատուցումէն իր ստացած 333,333 տոլարը, ծախսած է հետեւեալ ձեւով.
$109,340 տրամադրած է Հայաստանի չորս գիւղերու (Խնուշինակ-Արցախ, Զոլաքար-Գեղարքունիք, Նորաշէնիկ-Սիւնիք, Խոր Վիրապ-Արարատ) դպրոցներու նորոգման:
$185,280 տրամադրած է դպրոցական կահոյք գնելու՝ Հայաստանի 45 դպրոցներու համար (2828 աշակերտական գրասեղան, 338 ուսուչական գրասեղան եւ 338 գրատախտակ):
$54,841 տրամադրած է մանկատուներէն դուրս եկած եւ համալսարանական ուսման հետեւող որբ երեխաներու:
Ցեղասպանութեան զոհերուն իբրեւ հատուցում վճարուած այս գումարները, թերեւս աւելի ճիշդ ըլլար, որ յատկացուէին Ցեղասպանութեան, հայոց պատմութեան այդ շրջանին մէջ մասնագիտացող ուսանողներու կրթութեան, կամ անոնց գործերու հրատարակութեան: Յամենայնդէպս, այս հիմնարկութիւնը, իր հովանաւորած «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»ի պատմութեան ամպիոնով ու բազմաթիւ գիտաժողովներու ծախսերուն իր բաժինը բերելով՝ արդէն այդ ուղղութեամբ իր պարտականութիւնը կատարած է ու կը շարունակէ կատարել:
Վարձքը կատար Հայ Կրթական Հիմնարկութեան: