
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Երկուշաբթի, Մայիս 23ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Արփա» հիմնարկին կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ «Հայաստանի գիտութեան ոլորտը եւ բարեփոխման առաջարկներ» նիւթին նուիրուած դասախօսական ձեռնարկ մը:
Հայաստանի գիտական մարզը կարելի եղածին չափ արագօրէն միջազգային մակարդակի հասցնելու առաջարկներ պիտի ներկայացնէ դոկտ. Յարութիւն Կարապետեան, որ պիտի շեշտէ համապատասխան կառոյցներ մէջտեղ բերելու եւ մրցունակութեան մթնոլորտ մը ստեղծելու կարեւորութիւնը:
Դասախօսը հիմնադիր նախագահն է Գիտութեան եւ արդի արհեստագիտութեանց ազգային հիմնարկին, որ հաստատուած է 1997ին: 1993-1996 տարիներուն, ան եղած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան գիտութեան եւ արհեստագիտութեան բաժանմունքի պատասխանատուն, իսկ 1996-1997ին՝ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարար:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403):
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին՝ (818) 453-0618 թիւով կամ info@ARPAInstitute.org հասցէով: