ԹՈՐԸՆՍ.- Հարաւային Ծովածոցի ու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն ներկայացուցիչներ վերջերս հանդիպումներ ունեցած էին Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան ընտրութեանց թեկնածուներ Ճենիս Հանի ու Տեպրա Պոուընի հետ, որոնք կը փորձեն տիրանալ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու արշաւին մասնակից Ճէյն Հարմընի աթոռին:
36րդ ընտրատարածքի աթոռին համար թեկնածու է նաեւ Հարմընի դէմ նախորդ ընտրապայքարին ընթացքին անոր ընդդիմացած թեկնածու Մարսի Ուինոկրատ, որ կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ հայութիւնը յուզող հարցերուն:
Երեք թեկնածուներն ալ պատրաստակամութիւն յայտնած են մօտէն գործակցելու ամերիկահայ համայնքին հետ՝ առաջ մղելու համար Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող, Հայաստանի եւ Ամերիկայի միջեւ առեւտրական կապերը սերտացնելու եւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունք ապահովելու առաջարկները:
Քննելէ ետք թեկնածուներուն հետ խորհրդակցութեանց արդիւնքները, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Երեքշաբթի, Մայիս 10ին յայտարարեց, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Ճենիս Հանին, որ ողջունեց «քաղաքական կեանքին մէջ ամերիկահայ ամէնէն աշխոյժ կազմակերպութեան՝ Հայ Դատի յանձնախումբին» սոյն որոշումը:
Յայտնենք, թէ Հարմընի հրաժարումով թափուր մնացած աթոռին համար արտակարգ ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Մայիս 17ին:
Ճենիս Հանի ընտրապայքարին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.janicehahn.com կայքը: