ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Տնտեսական վիճակը տակաւին հեռու է յուսադրիչ ըլլալէ ու ամէն կողմ, քաղաքային իշխանութիւններէն մինչեւ նահանգային ու դաշնակցային կառավարութիւն, կրճատումներու կը դիմեն՝ յաճախ ջնջելով կարեւոր ծրագիրներ:
Այս ընդհանուր գործընթացին մէջ, տեղական իշխանութեանց մակարդակով կրճատումներ կը կատարուին հանրային ծառայութեան տարբեր ոլորտներու մէջ, որոնց շարքին են՝ գրադարանները:
Հանրային գրեթէ բոլոր գրադարանները սեղմումներու կ՛ենթարկուին, աշխատողներ ազատ կ՛արձակուին եւ գիրքերու յատկացուող միջոցները նուազագոյնի կը հասցուին:
Գիրքերու գնման համար յատկացուած միջոցներու առաջին զոհերէն կ՛ըլլան փոքրամասնութեանց լեզուներով գրականութիւնն ու անոնց մշակութային ծրագիրները: Հարուածը ծանր կ՛ըլլայ մանաւանդ այն ծրագիրներուն, որոնց պաշտպանութեան ի խնդիր աղմուկ բարձրացնողներ չեն ըլլար: Վերջապէս կրճատումը գործադրողները քաղաքական մարդիկ են, որոնք իրենց գործունէութիւնը միշտ կը փորձեն համապատասխանեցնել՝ աղմուկ բարձրացնողներու ձայները հաշուի առնելով:
Հետեւաբար, եթէ ուշադիր չըլլանք ու մեր ձայնը չբարձրացնենք՝ պատկան իշխանութեանց ականջին հասցնելով մեր բողոքները, ապա կրճատումներու առաջին հարուածները պիտի իջնեն հայկական ծրագիրներու ու հայերէն գիրքերու գնման միջոցներուն վրայ:
Հայահոծ կարգ մը շրջաններու մէջ, ուր հանրային գրադարանները նոյնիսկ ամէնէն բարգաւաճ ժամանակներուն հայերէն գիրքերու ու ծրագիրներու հանդէպ ծայրայեղօրէն ժլատ եղած են, հիմա հապճեպով կրնան այդ բաժինները բոլորովին փակել:
Կ՛արժէ՞ աղմուկ բարձրացնել հայերէն նոր գիրքեր գնելու եւ հայկական ծրագիրներ պահելու համար գրադարաններուն մէջ: Անշո՛ւշտ: Ուրեմն, Կլենտէյլէն մինչեւ միւս բոլոր համայնքներուն մէջ մեր ձայնը լսելի դարձնենք քաղաքային իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն, ու պահանջենք, որ մեզ հետաքրքրող ծրագիրներու յատկացումներուն չդպչին: