
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Սպիտակ տունը Չորեքշաբթի, Մայիս 18ին յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ դեսպան նշանակած է Ճան Հեֆըրնը, որուն դիւանագիտական գործունէութեան հիմնական ոլորտը եղած է արեւելեան Ասիան, սակայն ներկայիս ան ՆԱԹՕի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն առաքելութեան պետի տեղակալն է, իսկ նախապէս եղած է այդ առաքելութեան քաղաքական խորհրդատուն:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յոյս յայտնեց, որ Հեֆըրնի նշանակումը վաւերացնելու գործընթացին ժամանակ կը բացայայտուին անոր կեցուածքները Հայկական Ցեղասպանութեան, Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութեանց եւ ընդհանրապէս հայութիւնը յուզող հարցերու կապակցութեամբ:
Ամերիկայի ներկայ դեսպան Մերի Եովանովիչ Յունիսին պիտի աւարտէ իր պաշտօնը:
Հայ քաղաքական ուժերը՝ «ֆաշիստական», հայ պատմաբանները՝ «անուս». համագործակցե՞լ արդյոք Ռասելի հետ
http://www.ardarutyun.org/?p=4217