
– Տեղի տալով իր հասցէին կատարուած սեռային ոտնձգութեան ամբաստանութեանց ստեղծած ճնշումներուն՝ Միջազգային դրամական հիմնադրամի ղեկավար Տոմինիք Սթրաուս Քան Չորեքշաբթի, Մայիս 18ի երեկոյեան որոշեց հրաժարիլ իր պաշտօնէն: Նիւ Եորքի մէջ բանտարկուած Քանի փոխարէն նոր ղեկավար մը ընտրելու արշաւը սկսած է: Եւրոպա կը պահանջէ, որ դարձեալ եւրոպացի մը նշանակուի այդ պաշտօնին, սակայն Միացեալ Նահանգներ եւ այլ երկիրներ որոշ վերապահութիւններ ունին այդ պահանջքին նկատմամբ:
– Լիբանանի վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կը շարունակէ երկրին յաջորդ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքները: Այս ծիրէն ներս, ան հանդիպում մը ունեցած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի եւ «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական Հիւսէյն Խալիլի հետ: Ան խորհրդակցութիւններ ունեցած է նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի հետ, որ մեկնումի պահուն յայտնած է, թէ Միքաթի դժուար պայմաններու մէջ յանձնառու մնացած է իր պատասխանատուութիւններուն: Ժեմայէլ նկատել տուած է, որ կը զօրակցի ազգային փրկութեան կառավարութեան կազմութեան գաղափարին՝ աւելցնելով, որ միագոյն կառավարութեան փորձառութիւնը ձախող դուրս եկած է: Ան մաղթած է, որ Միքաթին վարչապետ նշանակող կողմերը շարունակեն գործակցիլ անոր հետ:
– Հիւսիսային Իրաքի Քերքուք քաղաքին մէկ ոստիկանատան վրայ Հինգշաբթի օր տեղի ունեցած յարձակումի մը ընթացքին առնուազն 27 հոգի սպաննուեցաւ եւ վիրաւորուեցան տասնեակներով ուրիշներ:
– Եմէնցի ընդդիմադիր ղեկավար մը՝ Մուհամմատ Պասանտուա, Հինգշաբթի, Մայիս 19ին յայտարարեց, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը, Եմէնի տագնապը լուծելու փորձին ձախողութենէն ետք, արտակարգ նիստ մը պիտի գումարէ՝ քննելու համար այլ կարելիութիւններ։ Պասանտուա, Եմէնի տագնապի լուծման նախաձեռնութեան համաձայն, պիտի ստանձնէր փոխանցման կառավարութեան մէջ վարչապետի պաշտօնը։ Միւս կողմէ, Եմէնի իշխող կուսակցութենէն աղբիւր մը «Պի.Պի.Սի.»ին յայտնեց, թէ Եմէնի նախագահը չէ մերժած խորհուրդին նախաձեռնութիւնը ստորագրել, այլ պայման դրած է, որ զայն ստորագրեն «արձանագրուած կուսակցութիւններ եւ ոչ թէ կողմեր, որոնք հիմք չունին»։ Ան կ՛ակնարկէր Ազգային երկխօսութեան յանձնախումբին, որ պաշտօնապէս արձանագրուած կուսակցութիւն մը չէ: Այդ յանձնախումբին նախագահն է Պաստանուան: Սպիտակ տունը Եմէնի նախագահին կոչ ուղղած էր ստորագրելու համաձայնութիւնը։
– ՆԱԹՕի հովանաւորութեամբ, արեւելեան Աֆղանիստանի մէջ նոր ճամբայ մը կառուցողներու վրայ խումբ մը զինեալներու յարձակումը առնուազն 35 զոհ խլեց Հինգշաբթի օր: