ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Անցեալ Երեքշաբթի օրուան հանրահաւաքին ընթացքին, Հայ Ազգային Կոնգրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեան յայտարարեց, թէ իշխանութիւններուն եւ իրենց՝ ՀԱԿին, միջեւ տեղի ունեցածը՝ «իրականում այլ ինչ չէ, եթէ ոչ առնուազն անհասկացողութեան պատի փլուզում»:
Տէր Պետրոսեան նաեւ մեղադրած էր այն մարդիկը, որոնք «փոխանակ ուրախանալու եւ հպարտանալու որ մեր երկրում եւս կարող են տեղի ունենալ քաղաքակիրթ գործընթացներ, փորձում են արժեզրկել, նսեմացնել, իսկ ռամկօրէն արտայայտուած՝ «հարամել» այս թանկ նուաճումը, եւ վիժեցնել Հայաստանի քաղաքական մթնոլորտի առողջացման կենսականօրէն անհրաժեշտ գործը՝ կամայ թէ ակամայ նպաստելով իշխող քրէաօլիգարխիկ համակարգի ամրապնդմանն ու յաւերժացմանը, անկախ այն բանից, թէ դա անում են մոլորութեա՞մբ, թէ յետին նպատակով»:
Իբրեւ Հայաստանի «իշխող քրէաօլիգարխիկ» համակարգը թուլացնելու եւ զայն չյաւերժացնելու կողմնակիցներ՝ մենք ՀԱԿի նուաճումը չենք ուզեր «հարամել» եւ անհամբեր կը սպասենք այս նուաճումի յաջորդ հանգրուանին, որ վստահաբար պիտի իրագործուի, երբ ՀԱԿի արդէն իսկ նշանակած բանագնաց կազմը հանդիպի «քրէաօլիգարխիկ»ներու ներկայացուցիչներուն հետ՝ միասնաբար ճշդելու համար այս հրէշային համակարգի կազմաքանդումի քայլերը:
Ո՛չ մոլորութիւնը, ոչ ալ յետին որեւէ նպատակ մեզ կրնայ մղել, որ նսեմացնենք ՀԱԿի այս նուաճումը: Ընդհակառակը, սրտանց յաջողութիւն կը մաղթենք ՀԱԿին ու իր բանագնացներուն, եւ յոյս կը յայտնենք, որ երկու կողմերն ալ յաղթահարեն իրենց նեղ, խմբակային շահերը եւ ղեկավարուին համազգային վեհ սկզբունքներով ու նպատակներով:
Երկու կողմերուն ալ չհաւատալու՝ աշխարհ մը պատճառներ ունինք: Այսուհանդերձ, Քաւ Լիցի, եթէ այս գործընթացին նայինք… ուրիշ աչքով: