Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Արիւնամիզութիւն (hematuria) կը նշանակէ արեան գոյութիւնը արտաթորուած (excreted) մէզին մէջ:

Արիւնամիզութիւնը կրնայ ըլլալ տեսանելի կամ անտեսանելի: Տեսանելի արիւնամիզութիւնը բացայայտ է: Ան կը նշմարուի մեր աչքերով, երբ արեան կարմիր գնդիկներու ներկայութիւնը մէզին մէջ մեծ տարողութեամբ կ՛ըլլայ եւ մէզը կը ստանայ կարմիր գունաւորում: Քիչ քանակութեամբ արեան գոյութիւնը մէզին մէջ կը կոչուի անտեսանելի արիւնամիզութիւն: Ան կը նշմարուի միայն մէզի տարրալուծարանային յատուկ մանրադիտակային (microscopic) քննութիւններով:
Արիւնամիզութիւնը կը պատահի ընդհանրապէս մէզի անբնական յատկութիւններով եւ միզային ու ոչ-միզային այլ ախտանշաններով միատեղ: Այսինքն անոր կ՛ուղեկցին ցաւ, այրուածք, ջերմ, թող, փսխունք, նողկանք, դժուարամիզութիւն (dysuria), յաճախամիզութիւն (frequent urination), միզարգելութիւն (urinary obstruction), անմիզութիւն (anuria), գարշահոտ մէզ, արիւնոտ սերմնաժայթք, կշիռքի կորուստ, ոտքերու ուռեցք, եւ զարկերակային ճնշումի բարձրացում:
Քիչ պարագաներուն արիւնամիզութիւնը տեղի կ՛ունենայ առանձնաբար, այսինքն՝ մէզի անբնական այլ յատկութիւններու բացակայութեամբ եւ առանց այլ միզային ու ոչ-միզային ախտանշաններու:
Արիւնամիզութիւն կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի եւ առանց սեռի եւ գոյնի խտրութեան: Նոյնիսկ նորածինը կրնայ արիւանամիզութիւն ունենալ:
Ան կրնայ ըլլալ անցողակի կամ մնայուն-շարունակական:
Անցողակի արիւնամիզութիւնը կը պատահի.
Ա. Երիտասարդներու մօտ հետեւեալ պարագաներուն՝
ա. Ծանր-երկարատեւ մարմնամազանքի հետեւելով,
բ. Սեռային յարաբերութեան պատճառով.
Բ. Անչափահասներու մօտ՝ 1-15 տարիքի միջեւ, հետեւեալ հիւանդագին երեւոյթներով՝
ա. Երիկամներու ընդհանուր բորբոքումով (glomerulonephritis),
բ. Վերին շնչառական համակարգի ժահրային եւ ցպկային բորբոքումներով,
գ. Բարձր-զօրաւոր ջերմի հետ միատեղ:
Մնայուն-շարունակական արիւնամիզութիւնը կը տեսնուի որեւէ մէկ տարիքի մէջ հետեւեալ հիւանդութիւններու պատճառով՝
Ա. Միզային համակարգի քարեր.
Այս քարերը մեծամասնութեամբ կը կազմուին երիկամներերու մէջ: Շատ քիչ պարագաներուն միզապարկի բորբոքումներու ընթացքին կը կազմուին միզապարկի քարեր: Երիկամի մէջ կազմուած քարերը կ՛ունենան զանազան բաղադրութիւններ եւ տարբեր-տարբեր չափեր ու ձեւաւորումներ: Երիկամային քարերը կրնան մնալ առանց որեւէ մէկ ախտանշանի երկար տարիներ: Սակայն անոնք ընդհանրապէս կը յառաջացնեն զանազան ախտանշաններ, օրինակ՝
ա. Կողի եւ փորի ցաւ,
բ. Միզային համակարգի բորբոքում,
գ. Միզարգելութիւն,
դ. Երիկամներու ծաւալում,
ե. Արիւնամիզութիւն:
Երիկամի քարերը կրնան երկար ժամանակ մնալ անշարժ եւ կամ շարժիլ ու ուղղուիլ դէպի միզափող (ureter) եւ յառաջացնել միզափողի զանազան աստիճանի խցում, որ պայմանւորուած է քարերու չափէն: Պզտիկ քարերը անցնելով միզափողէն կը հասնին միզապարկ (urinary bladder), իսկ խոշոր քարերը կը մնան նստակեաց միզափողին մէջ եւ կը խցեն զայն՝ մասնակի կամ ամբողջովին:
Միզապարկի քարերը կրնան յառաջացնել միզապարկի բորբոքում եւ արիւնահոսում: Այս քարերը ձգելով միզապարկը կը մտնեն միզուկ (urethra), որ կրնայ խցուիլ եւ բորբոքիլ: Միզուկի բորբոքումի պարագային տեղի կ՛ունենայ ցաւ, յաճախակամիզութիւն եւ դժուարամիզութիւն. իսկ խցուելու պարագային տեղի կ՛ունենայ ցաւ եւ ամբողջական միզարգելութիւն:
Բ. Երիկամային եւ միզային համակարգի ընդոծին (congenital) արատներ՝
ա. Երիկամի երակա-զարկերակային անբնական կապակցութիւն (a-v aneurism): Այս անբնական կապակցութեամբ երակները ճնշումի տակ կը վնասուին, կը բացուին եւ տեղի կ՛ունենայ արիւնահոսում.
բ. Բազմապարկ երիկամ (polycystic kidney):
Գ. Երիկամային հիւանդութիւններ-բորբոքում՝
ա. Երիկամներու ընդհանուր բորբոքում (glomerulonephritis), որ ընդհանրապէս յաճախակիօրէն տեսնուած հիւանդութիւն մըն է եւ որ կը պատահի կոկորդի ցպկային բորբոքումներէ ետք.
բ. Երիկամի աւազանի բորբոքում (pyelonephritis), որ ընդհանրապէս չափահասներու մօտ տեսնուած երիկամի բորոքում մըն է:
Դ. Միզապարկի բորբոքում, բոլիբներ եւ քաղձկեղ, որոնք բոլորն ալ ընդհանրապէս տարեցներու մօտ կվ տեսնուին:
Է. Միզային համակարգի լաւորակ ուռեր եւ վատորակ ուռեր-քաղցկեղ, որոնք դարձեալ տարեցներու մօտ տեսնուած հիւանդութիւններ:
Զ. Միզային համակարգի վնաս-հարուած:
Է. Շագանակագեղձի բորբոքում (prostatitis), որուն կ՛ուղեկցի նաեւ ցաւ, ջերմ, դժուարամիզութիւն, միզարգելութիւն եւ արիւնամիզում: Ան տարեցներու մօտ տեսնուած յաճախակի հիւանդութիւն մըն է:
Ը. Շագանակագեղձի ծաւալում (prostate hypertrophy), որ ընդհանրապէս կը տեսնուի տարեցներու մօտ:
Թ. Շագանակագեղձի քաղձկեղ, որ մասնաւորաբար տարեցներու հիւանդութիւն է:
Ժ. Միզուկի հանգուցաւոր երակալայնացում (varieces): Երակներու լայնացումով երակները կը բարակնան, կը բացուին եւ տեղի կ՛ունենայ արիւնահոսում:
ԺԱ.Դաշտանարիւն (menstrual bleeding): Ամէն ամիս իգական սեռը դաշտանի օրերուն կրնայ ունենալ արիւնախառն մէզ:
ԺԲ. Սեռային յարաբերութիւն: Տղամարդիկ սեռային յարաբերութեան ընթացքին կրնան ունենալ շագանակագեղձի կամ արնանդամի (penis) արիւնահոսում. իսկ իգական սեռը կրնայ ունենալ արգանդավիզի (cervix) կամ հեշտոցի (vagina) արիւնահոսում: Այս արիւնահոսումները կը յայտնուին արիւնամիզութեամբ:
ԺԳ. Սեռային յարաբերութեամբ փոխանցուած հիւանդութիւններ: Բորբոքումներու փոխանցումին հետ կրնան պատահիլ նաեւ սեռային օրգաններու արիւնահոսում, որ կը յայտնուի արիւնամիզութեամբ:
ԺԴ. Արեան որոշ հիւանդութիւններ՝
ա. Sickle cell հիւանդութիւն, որ կը յատկանշուի մանգաղաձեւ կարմիր գնդիկներով (sickle shaped red blood cells) եւ սակաւարիւնութեամբ (anemia): Ան ժառանգական հիւանդութիւն մըն է.
բ. Արիւնահոսականութիւն (hemophilia) հիւանդութիւն, որ ժառանգական հիւանդութիւն մըն է եւ կը յառաջացնէ մարմնական ընդհանուր արիւնահոսում.
գ. Ներզարկերակային արեան մակարդում (intravascular blood coagulation): Այս հիւանդութեան պարագային արիւնը անբնականօրէն կը մակարդուի զարկերակներու մէջ, զարկերակները կը վնասուին եւ կը յառաջայ արիւնահոսում.
դ. Արիւնալուծային անարիւնութիւն (hemolytic anemia): Զարկերակները այս հիւանդութեան պատճառով կը տկարանան, կը բացուին եւ տեղի կ՛ունենայ արիւնահոսում.
ԺԵ. Ծանր երկարատեւ մարմնամարզանք երիտասարդներու մօտ:
Ծանր եւ երկարատեւ մարմնամարզանքի հետեւանքով միզային համակարգի զարկերակաները կրնան բացուիլ եւ յառաջացնել արիւնամիզութիւն.
ԺԶ. Որոշ դեղերու գործածութիւն, օրինակ՝ Heparin-ը որ կը նօսրացնէ արիւնը.
ԺԷ. Երիկամի երակային արիւնախիցքաւորում (renal vein thrombosis): Երակները կը վնասուին եւ կը բացուին արիւնախիցքերու ճնշումով ու տեղի կ՛ունենայ արիւնահոսում.
ԺԸ. Երիկամի զարկերակի խցում, որ կը յառաջացնէ երիկամի քայքայում-մահ (renal infarction):
Արիւնամիզութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի հետեւեալ գործըմթացով՝
Ա. Լսելով հիւանդին ախտա-նկարագրականը.
Բ. Կատարելով բժշկական ընդհանուր քննութիւն.
Գ. Կատարելով հետեւեալ քննութիւնները եւ նկարահանումները՝
ա. Մէզի պարզ քննութիւն եւ մէզի մշակում (culture).
բ. Միզային համակարգի պարզ եւ գունաւոր շողանկարահանում (IVP).
գ. Միզային համակարգի համակարգչային նկարահանում (CT Scan).
դ. Միզային համակարգի մաքնիսարձագանգային նկարահանում (MRI).
է. Միզային համակարգի անդրձայնային-գերձայնային (ultrasound) քննութիւն.
զ. Միզապարկադիտակում (cystoscopy).
է. Միզուկադիտակում (urethroscopy).
ը. Միզափողադիտակում (ure-teroscopy):
Մեծ արիւնամիզութեան ընթացքին միզապարկին մէջ արիւնակոյտեր (clots ) կրնան յառաջանալ, որոնք կրնան խցել միզուկը եւ պատճառ դառնալ միզարգելութեան:
Արիւնամիզութիւնը կը կասեցուի դարմանելով արիւնամիզութեան հիմնական պատճառ-հիւանդութիւնը: Յաճախ արիւնամիզութիւնը կը կարօտի բժշկական շտապ ներգործութեան (intervention), այսինքն շտապ արեան փոխներարկումի եւ վիրաբուժական շտապ գործողութեան: