Սուտի Եւ Ճշմարտութեան Միջեւ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Աստուածապարգեւ գեղեցիկ այս աշխարհը, որ կարելի աշխարհներուն ամէնէն կատարեալն է ու հմայիչը, Աստուծոյ կողմէ օրհնուած է մարդկային կեանքով: Եթէ մարդը ստեղծուած չըլլար, աշխարհը իր գեղեցկութեամբ ու ամէն բարիքներով, ինքն ըստ ինքեան գոյութիւն պիտի ըլլար, եւ որուն ընծայած բարիքներուն վայելքը իմանալի պիտի չըլլար բանաւոր էակի կողմէ: Իսկ Աստուած, կատարեալ Էակը ըլլալով, պէտք չունի այդ բարիքներուն ու վայելքին:
Մարդը իբրեւ պսակը Աստուծոյ ստեղծագործութեան, օժտուեցաւ կեանքով, զոր պէտք է բաժնեկցէր իր նմաններուն հետ: Ի վերջոյ մարդը առանձին պիտի չապրէր: Անշուշտ մարդուն հաւաքական կեանքը կը տարբերի կենդանական խմբային ապրելաձեւէն, ուր հաւաքական շահը բնազդային է, եւ կը միտի անսուաղութիւնը միասնաբար յագեցնելու արարքին՝ որսին: Սա ալ անշուշտ բնազդային ուղղութիւն է կենդանիին մէջ դրուած, իբրեւ դիւրին միջոց որսի, եւ ի վերջոյ՝ կեանքի շարունակումին:
Մարդուն հաւաքական կեանքը թէեւ առօրեայ վերապրումի տքնաջան աշխատանքը ունի իբրեւ հիմ, սակայն անոր նշանակէտը այդ չէ՛: Անօթութիւնը կշտացնելը չէ՛ միայն մարդուն նպատակակէտը այս կեանքին մէջ, այլ, ամէն բանէ առաջ՝ յառաջդիմութիւնը: Եթէ այդպէս չըլլար, քաղաքակրթութիւնը մնացած պիտի ըլլար իր նախնական ձեւին մէջ, եւ ընդհանրապէս մարդկային կեանքը պիտի չներկայացնէր այն իրավիճակը, որ այսօր՝ այսքան յառաջացած դարուն ունի: Հոգեւոր կեանքի այսքան դրութենականացած եւ օրինականացած իրավիճակը, գիտական նուաճումներու գլխապտոյտ տուող գիւտերը, համացանցային հրաշազան երեւոյթը, աշխարհը փոքրացնող ու անոր մեծ տարածութիւնը մօտեցնող արագասոյր փոխադրամիջոցները, ու տակաւին բազմաթիւ այլ նորութիւններ, վերոյիշեալ մարդկային յառաջդիմութեան կը պարտին իրենց գոյութիւնը:
Այս յառաջդիմութեան հետ եթէ համաչափ զարգացում արձանագրէր նաեւ մարդկային փոխյարաբերական կեանքը, ապա անիկա պիտի չունենար այն պատկերը, զոր ունի այսօր: Յառաջդիմութիւնը փաստօրէն չէ՛ կրցած թափանցել ամբողջովին մարդուն ներքին հոգեկան ծալքերուն մէջ, ուր տակաւին թաքնուած կը մնան այն սովորութիւնները եւ զգացումները, որոնք այնտեղ էին հին քաղաքակրթութեանց օրերուն, երբ մարդը քարայրներու բնակիչ էր:
Այդ թաքուն սովորութիւններէն ոմանք բացայայտօրէն կը կիրարկէ մարդը, մանաւանդ երբ կիրքով շարժի եւ ո՛չ թէ իմացականութեամբ: Իսկ հինէն ժառանգուած զգացումներէն կարելի է համարել անիմաստ տեղ արթնցող նախանձը, որ պարզապէս աւելի անմիջական վայրագութեամբ արտայայտութիւն կը գտնէր անցեալին, իսկ ներկայիս՝ զգուշաւոր ու հետեւողական քայլերով:
Ստախօսութեան երեւոյթը, որ ըստ ոմանց մարդու նոր ունակութեանց մաս կը կազմէ, դարձեալ հինէն ժառանգուած է: Վախի ու անապահովութեան զգացումը միշտ պատճառ դարձած է սուտին: Անոր յառաջադէմ տեսակը ունի իր ա՛յլ պատճառները, որոնցմէ գլխաւորը ինքնավստահութեան պակասն է, իսկ երկրորդը՝ ծուլութիւնը: Ահա այն երկու հիմնական պատճառները, որոնք առիթ կը հանդիսանան ստախօսութեան:
Սուտը միլիոնաւոր մասնիկներու վերածուելով, մանրէներու նման կը տարածուի, սակայն առանց կարենալու ամբողջ մարմինը ապականել: Որովհետեւ ճշմարտութիւնը մի՛շտ ճշմարտութիւն կը մնայ, նոյնիսկ երբ ո՛չ ոք կը հաւատայ անոր, եւ սուտը՝ սո՛ւտ կը մնայ, նոյնիսկ երբ ամէն ոք կը հաւատայ անոր: Ճշմարտութիւնը «աստուածային է» եւ ամէն վախ կը փարատէ: Ոմանք ուրիշ միջոցներ կը փնտռեն պայքարելու ճշմարտութեան բացայայտումին համար, եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն դատապարտելու սուտը: Անիմաստ գործ, ու սոսկ ժամանակի կորուստ կարելի է նկատել այդ աշխատանքը: Մարդուն միակ աղօթքը նման պարագաներու, պէտք է ըլլայ իմաստութեան ու կորովի խնդրանք: Ասոնք են հարկ եղած «գործիք»ները, մարդուն ինքնահաստատումին համար:
Սուտին դէմ անիմաստ պայքար բացած անձեր կը տարուին իրենց դէմ եղած վատառողջ քննադատութիւնները լսել, ու մանաւանդ մտահոգուիլ անոնցմով: Իսկ աւելի բարկացոտներ եւ վրէժխնդրութեան կրակով բռնկածներ, կը փորձուին հակազդել, կամ պատասխանել իրենց քննադատներուն: Ասիկա ցեխին մէջ ներքաշելու ծառայող ամէնէն զօրաւոր փորձութիւնն է որմէ հեռու պէտք է մնալ, ինչպէս հեռու պէտք է մնալ ամէն հարցի մէջ ժխտականութիւն ցուցաբերող տկարամիտներէն: Իսկ եթէ անխուսափելի է պայքար բանալու ներքին մղումը, կ՛արժէ մնայուն պատերազմ յայտարարել նախապաշարումի ու զատողութեան երեւոյթներուն դէմ, ո՛ւր որ ալ պատահին անոնք: Որովհետեւ նախապաշարուած հոգին, եւ զատողութեան ոգին ճիշդ դատումներ չե՛ն կրնար կատարել, ու կ՛իյնան սուտի ու ճշմարտութեան տուայտանքին մէջ: Մորմոք՝ որ տագնապի կը մատնէ պարզ հոգիները, որոնք հովէն տատանող եղէգներու նման երերալով, ու իրենց փետրային գլխամասերը ալեկոծելով՝ խօսքեր կը գրեն օդի տետրակներուն վրայ:
Գիտութիւնը կ՛ըսէ, թէ մանրէները տաք եղանակին, կամ փակ վայրերու մէջ շուտով կ՛աճին ու վտանգ կը սպառնան: Ներկայ խճողեալ կեանքը եւս նման է այն փակ վայրին, ուր այս մանրէն՝ սուտը կրնայ արագ տարածում գտնել: Յատկապէս գործի տէր մարդիկ այնքան ալ ազատ ժամանակ չունին հետապնդելու սուտի մանրէներուն, կամ այդ ոջիլի անիծներուն տարածումը, եւ մէկ գլուխէն միւս գլխու մազին ու մօրուքին մէջ իյնալը:
Սուտի ու ճշմարտութեան միջեւ «հարուածուող» մարդոց ալ կարելի է շա՜տ հանդիպիլ: Ասոնք ո՛չ թէ անպայման զբաղած մարդիկն են, այլ՝ վերոյիշեալ երկուքը զանազանելու դժուարութիւն ունեցողներն են: Ասոնք կռփամարտի բեմահարթակին վրայ մէյ մը աջ եւ մէյ մը ձախ երեսէն բռունցքի հարուած ստացողներուն նման, գինով քալուածքով բեմի քառակուսին կազմած ամրալարերուն կը զարնուին, եւ ի վերջոյ գետին փռուելով անգիտակից վիճակի կը մատնուին, առանց իսկ իմանալու իրենց պարտուած ըլլալը…:
Ո՛չ սուտը, ո՛չ ալ ճշմարտութիւնը իրենց նկարագիրը պիտի չփոխեն: Հինէն ժառանգուած զգացումներուն նման անփոփոխ են ասոնք: Ինչքան ալ ամէնօրեայ դրութեամբ կրկնուի խօսուած սուտը, կամ դարեր սահին ու անցնին անոր վրայէն, յստակ է, որ անիկա ճշմարտութիւն պիտի չդառնայ բնա՛ւ: Նոյնպէս ալ ճշմարտութիւնը իր ինքնութենէն դո՛յզն չափով իսկ պիտի չնուազի, ինչքան ալ հերքուի անիկա ամբողջ աշխարհէն:
Սուտի ու ճշմարտութեան միջեւ անհուն տարածութիւններ կը պատկերացուին: Այդ անհուն տարածութիւնը ստախօսին ու ճշմարտախօսին միջեւ եւս պէտք է դնել, որովհետեւ ստախօսը մի՛շտ ստախօս պիտի ըլլայ, ինչքան ալ համեստ խոստովանութիւններ կատարէ, իսկ ճշմարտախօսը՝ ճշմարտախօս պիտի մնայ, ինչքան ալ մրոտել փորձեն ուրիշներ անոր սպիտակ շրջազգեստը: