
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Մերի Եովանովիչ «շատ դրական» կը գնահատէ մարտիմէկեան իրադարձութիւններուն առնչութեամբ բանտարկուած ընդդիմադիրները ազատ արձակելու փաստը:
Հայաստանի մէջ իր առաքելութիւնը աւարտող Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մերի Եովանովիչ, Յունիս 3ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ողջունեց Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ առկայ վերջին միտումները:
«Կարեւոր է, որ ընդդիմութեան ու իշխանութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնը ըլլայ թափանցիկ եւ կառուցողական, եւ պէտք է ըսեմ, որ այս ամէնը շատ ոգեւորիչ է: Ասիկա մեծ հնարաւորութիւններ կը բանայ հայաստանցիներուն համար, յատկապէս հաշուի առնելով, որ կը մօտենայ նախընտրական շրջանը», ըսաւ Մերի Եովանովիչ:
Դեսպանը նաեւ ողջունեց 2008 Մարտի իրադարձութիւններու հետաքննութեան վերսկսումը. «Կը կարծենք, որ իրապէս շատ կարեւոր է նաեւ իշխանութիւններուն որոշումը՝ թոյլատրել մարդոց հանրահաւաքներ կազմակերպել այնտեղ, ուր անոնք կ՛ուզեն», նշեց դեսպանը եւ աւելցուց. «Այս բոլոր զարգացումներն ու Մարտ 1ի գործով ընթացող քննութեան վերսկսումը շատ կարեւոր են ո՛չ միայն Հայաստանի պատմութեան այդ «տրամատիք» շրջանի բուն հանգամանքները պարզելուն համար, այլեւ այն տեսանկիւնէն, որ ատիկա հայաստանցիներուն հնարաւորութիւն պիտի տայ հասկնալու, թէ ի՛նչ սխալներ արտօնուած են՝ հետագային անոնցմէ խուսափելու համար»:
«Յուսանք, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ժամանակ ականատես կ՛ըլլանք գաղափարներու առողջ մրցակցութեան», ըսաւ դեսպանը եւ աւելցուց, թէ յոյս ունի, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ազատ ու արդար իրականացման պիտի նպաստէ նաեւ վերջերս փոխուած ընտրական օրէնսդրութիւնը:
«Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխման վերջին գործընթացը որոշ կերպով աւելի բաց ու թափանցիկ էր: Չէի ըսեր, թէ ատիկա գերազանց գործընթաց էր, բայց, համեմատած նախկին եղածներուն հետ՝ աւելի բաց էր ու յոյսեր կը ներշնչէր», շարունակեց Մերի Եովանովիչ:
Գնահատելով ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլը՝ Մ. Եովանովիչ շատ կենսական համարեց վերջերս համանախագահող երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ Տովիլի մէջ ընդունուած համատեղ յայտարարութիւնը, ուր կ՛ընդգծուէր խնդիրի խաղաղ կարգաւորման կարեւորութիւնը, եւ ըսաւ. «Ատիկա կարգաւորման հիմնական սկզբունքներու նորագոյն տարբերակն է, եւ անիկա իսկապէս առաջ շարժելու հիմքեր կ՛ընձեռնէ: Մնացեալը կախուած է կողմերէն»:
Նշենք, թէ դեսպան Եովանովիչ Յունիսին կ՛աւարտէ իր եռամեայ դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ եւ կը վերադառնայ Ուաշինկթըն՝ ստանձնելու համար արտաքին գործոց նախարարի՝ Հիւսիսային եւ Կեդրոնական Եւրոպայի հարցերով փոխտեղակալի պաշտօնը:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ ի՞նչ կը տանի իրեն հետ Հայաստանէն՝ ոչ իբրեւ դիւանագէտ, այլ իբրեւ անհատ՝ Մերի Եովանովիչ ըսաւ. «Շատ բախտաւոր եմ երեք տարի Հայաստանի մէջ գտնուելու համար: Ես այստեղ շատ բան սորված եմ, ձեռք բերած եմ որոշ նոր հմտութիւններ: Ամենակարեւորը, որ այստեղ գտած եմ շատ մարդոց հետ բարեկամութիւն, որ յոյսով եմ, որ ապագային ալ պիտի շարունակուի»:
Իբրեւ հրաժեշտի ուղերձ հայաստանցիներուն, ԱՄՆ դեսպանը յայտնեց. «Ասիկա հրաշալի երկիր է, մեծ ու բազմաթիւ հնարաւորութիւններով: Ատիկա դիւրին չէ, բայց կը կարծեմ, որ եթէ Հայաստանի շատ խելացի ու շատ կրթուած ժողովուրդը համատեղէ իր ջանքը ժողովրդավարութեան միջոցով լաւ ապագայ կառուցելու նպատակով, ապա Հայաստանը հիանալի ապագայ կ՛ունենայ»: