– ՆԱԹՕի օդուժը Ուրբաթ օր Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ, միջազգային օդակայանի շրջանին մէջ թիրախներ հարուածեց, իսկ Քազաֆիի կեդրոնատեղիին մօտերը հինգ ուժգին պայթումներու ձայներ լսուեցան: Ըստ Քազաֆիի վարչակարգին, Մարտ 31էն մինչեւ Մայիս 26, 718 քաղաքայիններ սպաննուած են եւ 4067 ուրիշներ վիրաւորուած ՆԱԹՕի ռմբակոծումներուն հետեւանքով: Դիւանագիտական գետնի վրայ, Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Հռոմի մէջ յայտարարեց, որ Թրիփոլի եւ Պենկազի պիտի ուղղարկէ «յատուկ պատուիրակ» մը՝ միջնորդական առաքելութեամբ մը: Մետվետեւ այդ յայտարարութիւնը կատարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Իտալիոյ վարչապետին հետ եռակողմ հանդիպումէ մը ետք:
– Ըստ «Ուիքիլիքս»ի բացայայտած տեղեկութեանց, Սէուտական Արաբիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները նիւթական օժանդակութիւն տրամադրած են Փաքիստանի մէջ գործող ահաբեկչական ցանցի մը, որ միաժամանակ զբաղած է երեխաներու զինուորագրումով։ Կը նշուի, որ հարիւրաւոր միլիոն տոլարի հասնող օժանդակութիւնները ղրկուած են Փաքիստանի Փունճապ նահանգին մէջ գործող ծայրայեղական կազմակերպութիւններուն՝ կրօնական եւ բարեգործական կազմակերպութիւններու միջոցով։
– Պետական նպաստներու կտրուկ կերպով ընդդիմացող հանրապետական քոնկրեսական ու նախագահական հաւանական թեկնածու Միշել Պաքմընի ագարակը 2001էն ի վեր 154,755 տոլարի պետական նպաստ ստացած է:
– Ճափոնի երկրաշարժին արտադրած ուժը համազօր է Միացեալ Նահանգներու մէջ մէկ տարուան ընթացքին օգտագործուող ուժանիւթին, ըստ ամերիկեան պետական տուեալներու:
– Միացեալ Նահանգներու դէմ 2010ին իսլամներու կողմէ 10 ահաբեկչական արարքներ իրականացուած են, իսկ ոչ իսլամներու կողմէ՝ 25:
– Անցեալ տարուան ընթացքին Փաքիստանի մէջ ամերիկեան առանց օդաչուիի օդանաւերու կողմէ յարձակումներու զոհ գացած է 607 հոգի, որոնցմէ միայն երկուքը կը գտնուին կասկածելիներու ցանկին վրայ:
– Ամերիկացի միլիոնատէրերուն 40 տոկոսը «հարուստ չի զգար», որովհետեւ կը կարծէ, թէ առնուազն 7.5 միլիոն տոլար հարկաւոր է հարուստ զգալու համար: