ՊՈԼԻՍ, «Ճազիրա».- Ուրբաթ, Յունիս 3ին, մինչ Սուրիոյ կառավարութեան ընդդիմադիրները կը հաղորդէին, թէ Համայի մէջ տասնեակներով ցուցարարներ սպաննուած են հակակառավարական ցոյցի մը ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու «Թուտէյզ Զաման»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին հերքեց այն վարկածները, թէ Թուրքիա Սուրիոյ նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը փոխած է։
Անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ կայացած Սուրիոյ ընդդիմութեան ժողովին՝ ան նշեց, թէ կարելի չէ «ազատ եւ ժողովրդավարական երկիրի մը մէջ» նման ժողովներ արգիլել։
Թուրք նախարարը յայտնեց, թէ իր երկիրը սերտ կերպով կը գործակցի Սուրիոյ հետ, յաղթահարելու համար այդ երկրին մէջ տիրող իրարանցումը։ Ան ըսաւ, թէ Թուրքիա սուրիացի հասարակութեան հետ «սիրոյ կապեր» հաստատած է, իսկ սուրիական վարչակազմին հետ՝ «վստահութեան կապեր»։
«Կ՛ուզենք այս երկուքը պահել։ Կ՛ուզենք սուրիացի ժողովուրդին սրտերուն մէջ մեր տեղը պահել եւ սուրիական վարչակազմին հետ մեր վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութեան միջոցով նպաստել խնդիրներու լուծման», ըսաւ ան։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, թէ սուրիացի ժողովուրդը քաղաքական մարզին մէջ յաւելեալ մասնակցութիւն կ՛ուզէ, եւ անկարելի է այդ փափաքը անտեսել։