ՆՈՐ ՋՈՒՂԱ.- Չորեքշաբթի, Մայիս 25ի երեկոյեան ժամը 7։30ին, Իրանի Սպահան քաղաքի Նոր æուղայի Հայ մարզա-մշակութային «Արարատ» միութեան շրջափակին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Առաջին Անկախ հանրապետութեան հռչակման տօնը։
Տօնակատարութեան ներկայ էին Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան, Շահինշահրի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Անանիա վրդ. Գուճանեան, Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Իրանի Իսլ. խորհրդարանի հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոբերտ Բեգլարեան, քահանայից դասը, ազգային մարմիններու ու Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ եւ հոծ թիւով ժողովուրդ։
Տօնախմբութիւնը սկսաւ Դրօշակի արարողութեամբ եւ «Մեր Հայրենիք» երգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք ծրագիրի պաշտօնական բաժինին մաս կազմեցին նաեւ տողանցք եւ բանախօսութիւն։
Ծրագիրի պաշտօնական բաժինի շարունակութեան մէջ օրուան բանախօս Յակոբ Բագրատունի ակնարկներ կատարելով Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման, Մայիս 28ը կերտողներուն եւ ՀՅԴի գլխաւոր դերակատարութեան՝ անկախացման գործին մէջ՝ կարեւորութեամբ ընդգծեց. «Հայաստանի անկախութեան այս տարեդարձին, բնականաբար, անհրաժեշտ է մտածել անկախութիւնը պահպանելու եւ ամրացնելու հիմնական հրամայականի մասին։ Հայաստանը անկախ է, երբ հաւասարութիւնը, օրէնքը, ժողովրդավարական սկզբունքները եւ ազատութիւնը կը յարգուին։ Հայաստանը անկախ է, երբ ազատ եւ պատասխանատու քաղաքացին կրնայ իր ազատութիւնը լսելի դարձնել պատասխանատուութեամբ։ Հայաստանը անկախ է, երբ իւրաքանչիւր քաղաքացի, պետական այր թէ գիւղացի մշակ, հաւասարապէս կը կատարէ իր պարտաւորութիւնները եւ տէրն է իր իրաւունքներուն։ Հայաստանը անկախ է, երբ հայը Հայաստանէն դուրս այլ հայրենիք չի փնտռեր կամ կը մերժէ հայրենիքը իր ճամպրուկին մէջ ունենալու գաղափարը»։
Բանախօսը իր արտայայտութիւններու աւարտին ըսաւ. «Դեռ պայքարը պիտի շարունակուի ու ծաւալի եւ դառնայ համաժողովրդական։ Այդ պայքարը իր ճանապարհին պիտի քանդէ ամէն խոչընդոտ։ Պիտի պատռէ հայութեան պարտադրուած իւրաքանչիւր քարտէս։ Պիտի խորտակէ հայուն համար անյարիր ամէն խորհրդանիշ, մինչեւ Սարդարապատէն եկող ու Լիզպոնէն անցնող կանչը, Արցախի մէջ արձագանգելով՝ միանայ Սասնոյ լեռներու կանչին, մինչեւ Հայաստանը ըլլայ ազատ, անկախ եւ միացեալ»։
Այնուհետեւ առաջնորդը օրուան առթիւ իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն։ Ան մատնանշելով հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարները՝ ըսաւ. «Այս անգամ հայ ժողովուրդը, նոր հերոսներու՝ Արամներու, Դրօներու եւ Գարեգին Նժդեհներու ոգիով, իբրեւ չակերտեալ խենթեր, հնարք գտաւ՝ մեր ժողովուրդին ազատութիւն պարգեւելու։ Մեր ժողովուրդի ինքնանկախ գոյութիւնը վտանգուած էր։ Պէտք էին «խենթեր», որոնք լսելով Էջմիածինի զանգերու ղողանջը՝ իջնէին Սարդարապատ, Բաշ-Ապարան եւ Ղարաքիլիսա, որպէսզի մեր ժողովուրդին ազատութիւն պարգեւէին։ 28 Մայիս 1918ի այս ոգին փոխանցուեցաւ մեր ժողովուրդին, եւ այսօր 2011 թուականին մենք դարձեալ նոյն ոգիով կը շարունակենք մեր գոյութեան երթը ու պիտի շարունակենք»։
Տօնակատարութեան գեղարուեստական բաժինին մէջ ազգային եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցան Հայաստանէն ժամանած երգչուհիներ Անուշ եւ Ինկա Արշակեաններն ու «Արարատ» միութեան Մշակութային միաւորի էսդրատային խումբի մենակատարները։ Տօնախմբութիւնը աւարտեցաւ հրավառութեամբ։
Իսկ Ուրբաթ, Մայիս 27ի երեկոյեան, Սպահանի Շահինշահր քաղաքի «Սրբոց Վարդանանց» հայոց ազգային դպրոցի շրջափակին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի հանրապատութեան 93ամեակին նուիրուած ձեռնարկը։ Տօնակատարութեան ներկայ էին Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան, Լիբանանի խորհրդարանի պատգամաւոր Յակոբ Բագրատունի, Իրանի Իսլ. խորհրդարանի հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոբերտ Բեգլարեան, ազգային մամիններու եւ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները ու համայնքի անդամներ։ Դրօշակի արարողութիւնէն ետք ծրագիրի պաշտօնական բաժինով տեղի ունեցաւ բանախօսութիւն եւ ներկաները առիթը ունեցան ունկնդրելու Յակոբ Բագրատունիի բովանդակալից բանախօսութիւնը։