ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան, Երեքշաբթի, Մայիս 31ին, երեկոյեան ժամը 8:30ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ սիրուած եւ հանրածանօթ երգիչ Յարութ Փամպուքճեանի խանդավառ եւ ճոխ երգահանդէսը՝ ներկայութեամբ աւելի քան 3500 հայորդիներու:
Երգահանդէսի սկզբնաւորութեան, Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ երգահանդէսը կը զուգադիպի Հայաստանի անկախութեան տօնին, երբ հաւաքական ջանքերով կերտուեցաւ ազատ հայրենիքը՝ Հայաստանի Ա. հանրապետութիւնը:
Ապա բեմ բարձրացաւ Յարութ Փամպուքճեան, որ երգահանդէսին սկսաւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգի կատարումով, որմէ ետք ան շուրջ երկուքուկէս ժամուան ընթացքին երգեց ժողովրդային եւ ազգային-յեղափոխական երգեր՝ արժանանալով ներկաներու ջերմ ծափահարութիւններուն:
Փամպուքճեանի երգերուն հանդիսատեսները երգեցողութեամբ եւ շուրջպարերով բերին իրենց մասնակցութիւնը՝ ստեղծելով հայկական առողջ եւ գնահատելի մթնոլորտ: Փամպուքճեան երգեց «Անգին եղբայր», «Հեռացած ընկերներ», «Հայի աչեր», «Ո՞ւր էիր Աստուած», «Արդեօք ովքեր են», «Երեւանի գիշերներում» եւ շարք մը այլ երգեր: Երգահանդէսին ընթացքին Յ. Փամպուքճեան մեծապէս գնահատեց լիբանանահայութեան ազգային եւ հայրենասիրական ոգին՝ շեշտելով, որ այս մթնոլորտը պէտք է տարածուի ամէնուրեք:
Երգահանդէսը փակուեցաւ «Արիւնոտ դրօշ»ի երգեցողութեամբ եւ հրավառութեամբ: