ՊՈՐԻՍՓՈԼ, «Փանորամա».- Յունիս 2ին, Քիեւի Պորիսփոլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հաւաքը, որուն ընթացքին ստեղծուած է տեղի հայ համայնքը:
Նորաստեղծ հայկական համայնքի ղեկավար ընտրուած է Ահարոն Քրաւչենքոն: Ինչպէս Analitika.at.ua-ին յայտնած է Քիեւի հայ երիտասարդութիւնը ներկայացնող Արայիկ Խաչատրեան, հաւաքին ներկայ եղած են նաեւ տեղի իշխանութիւններու եւ հայկական շարք մը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանի խորհրդական Արտակ Կրապսքի:
Հաւաքի մասնակիցներուն իր օրհնութիւնը տուած է Քիեւի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Հայր Յովհաննէս: Համայնքի ղեկավար Ահարոն Քրաւչենքոն յայտնած է, թէ համայնքի հիմնական խնդիրը պիտի ըլլայ քաղաքին մէջ հայկական դպրոցի հիմնումը: