ՀՌՈՄ.- Իտալական «Աքի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու յայտնած է, որ Անգարա կապ չունի սուրիացի այլախոհներու հետ, եւ թէ «Թուրքիոյ կառավարութիւնը սուրիական ընդդիմութեան հետ որեւէ հաղորդակցութիւն հաստատել չի ջանար»։ Ան նշած է, որ Անգարան Սուրիոյ կառավարութիւնը «իր օրինական պաշտօնակիցը» կը նկատէ։
«Մենք մօտէն կը հետեւինք Սուրիոյ զարգացումներուն: Սուրիա շրջանին մէջ կարեւոր երկիր մըն է եւ մեր դրացի ամենակարեւոր երկիրներէն մէկը, որուն հետ տարիներու ընթացքին բազմաբեւեռ յարաբերութիւններ ունինք», ըսած է Տաւութօղլու եւ աւելցուցած. «Այս է պատճառը, որ մենք մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայենք Սուրիոյ մէջ ընկերային խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու, ինչպէս նաեւ յաւելեալ ժողովրդավարութիւն ապահովելու օրինական ձգտումներուն»։ Տաւութօղլու շեշտած է, թէ պէտք է զգուշանալ ուժի չափազանցուած օգտագործումէն եւ թէ՝ «ժողովուրդը փոփոխութեան իր ձգտումները պէտք է արտայայտէ խաղաղ միջոցներով»։
Միւս կողմէ, սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հալէպի ոստիկանապետ գնդապետ Եասեր Շաուֆի արգելք հանդիսացած է Հալէպի մէջ թրքական հիւպատոսարանին առջեւ նստացոյցի մը, որ տեղի պիտի ունենար Երկուշաբթի կէսօրէ ետք, հակառակ անոր, որ կազմակերպիչները ներքին գործոց նախարարութենէն արտօնութիւն ստացած էին։
Նստացոյցը կազմակերպած յանձնախումբի նախագահ փաստաբան Մունիր Սայետ, օրաթերթին յայտնած է, որ նստացոյցը պիտի կատարուէր բողոքելու համար Սուրիոյ մէջ զարգացումներուն նկատմամբ «թրքական անակնկալ եւ դաւադիր կեցուածքին դէմ», ինչպէս նաեւ քննադատելու համար սուրիական ընդդիմութեան ժողովը երկրորդ անգամն ըլլալով հիւրընկալելու Անգարայի որոշումը: