ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Բոլորիս ծանօթ է «դրամը կը խօսի» արտայայտութիւնը, եւ այստեղ ի մտի ունիմ ամերիկեան money talks ասացուածքը: Դրամը կը խօսի կը նշանակէ դրամը կը լուծէ ամէն տեսակի հարց, որովհետեւ ամէն ինչ եւ ամէն մարդ ունի իր գինը:
Առցանցի վրայ money talks արտայայտութիւնը փնտռեցի եւ անմիջապէս ստացայ կայքէջի մը առաջարկ: Կայքը ունի հիմնական մէկ պատգամ. «Ամէն մարդ ունի իր գինը, իսկ ի՞նչ կ՛արժես դուն, քանի է քու գինը» լօզունգով այնտեղ կը փորձուի ցոյց տալ որ մարդիկ պատրաստ են աներեւակայելի արարքներու դիմելու, կանխիկ դրամ ձեռք բերելու համար:
Ուրախանալի ոչինչ կայ այդ կայքէջին վրայ:
Ուրախանալի ոչինչ կայ նաեւ այս շաբաթ լոյս տեսած շուէտական հասարկութեան արժէքային համակարգին վերաբերող մէկ ուսումնասիրութեան մէջ: World Values Surveyի (WVS) կողմէ 2011ին իրագործուած միջազգային այս ուսումնասիրութեան արդիւնքները կայծակի նման շանթահարած են եւ շփոթի մատնած քաղաքական եւ հասարակական շրջանակները:
WVS միջազգային համբաւ ունեցող այն հիմնարկն է, որ 1981էն ի վեր պարբերաբար կ՛ուսումնասիրէ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ մարդոց արժէքներն ու վերաբերմունքը:
Ծրագիրը կը ֆինանսաւորէ Շուէտի Կեդրոնական դրամատունը:
Ի՞նչ է պատահած:
Ուրեմն, 1208 քաղաքացիներու ուղղուած հարցումներուն պատասխաններէն ի յայտ կու գայ իսկապէս զարմանալի արդիւնք մը: Ուսումնասիրութեան մասնակիցներու 21 տոկոսը, մեծ մասամբ երիտասարդներ, պատրաստ են վաճառել իրենց ժողովրդավարական ազատութիւններն ու իրաւունքները: 18-29 տարեկան երիտասարդներու մէկ հինգերորդը պատրաստ է կուսակցութիւն փոխել փոքրիկ գումարի դիմաց:
Հարցապնդուողներու նոյն այս խումբին մէջ գոյութիւն ունի նաեւ այն համոզումը, որ ժողորդավարութիւն ըսուածը մեծ դերակատարութիւն չունի: Կարդացէք եւ զարմացէք. 26 տոկոսը համոզուած է որ լաւ եւ շատ լաւ կըլլար, եթէ Շուէտը ունենար ուժեղ ղեկավար, որ երկիրը առաջնորդէր առանց մտահոգուելու կամ կաշկանդուելու ժողովրդավարութեան սահմանափակումներով կամ նոյնիսկ ընտրութիւններով:
Շուէտի մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան համաձայն, երկրի բնակչութեան 25 տոկոսը, այսինքն ամէն 4րդ շուէտացին կը մտածէ որ «լաւ եւ նոյնիսկ շատ լաւ կ՛ըլլար» եթէ Շուէտը ըլլար ոչժողովրդավարական պետութիւն եւ ղեկավարուէր բռնակալ առաջնորդի մը կողմէ:
Զարմանալու պատճառ թերեւս պիտի չունենայինք, եթէ խնդրոյ առարկան ըլլար ափրիկեան կամ ասիական, երրորդ աշխարհի երկիր մը: Բայց այս արդիւնքները կը վերաբերին սկանտինաւեան ամէնէն ժողովրդավար երկիրը համարուող հասարակութեան: Ասիկա Հայաստան չէ, Սուրիա չէ, ոչ ալ Թունուս կամ Եգիպտոս, ուր վերջին ամիսներուն երիտասարդութիւնը կը պայքարի եւ իր կեանքը կը զոհաբերէ յանուն ժողովրդավարութեան, յանուն քաղաքական ձայնի եւ իրաւունքի ձեռքբերման:
Ազատութիւնն ու արդարութիւնը երբեւիցէ ձրի չեն եղած: Այս անգամ խօսքը արեան մասին է: Նոյն ինքն Շուէտի պարագային, տակաւին ոչ հեռու անցեալին, 1931ին, քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպանութեան համար բանակայիններու ձեռքով սպաննուեցան 5 քաղաքացիներ եւ տասնեակ ուրիշներ վիրաւորուեցան: Անկիւնադարձային էին Օտալըն քաղաքի ցոյցերը՝ ժողովրդավարութեան ամրապնդման համար: Եւրոպայի մէջ, տակաւին երկրորդ աշխարհամարտի ժամանակաշրջանին, մէկ կողմէ որոշներ ձերբազատուեցան Մուսոլինիի եւ Հիթլերի բռնատիրական կարգերէն, միւս կողմէ ուրիշներու համար սկսաւ բռնակալութեան տակ հեծելու 45ամեայ շրջան:
Հետազօտութիւնը նաեւ չափազանց հետաքրքրական է հետեւեալ պատճառով. առաջին անգամ ըլլալով այնտեղ հարցումներ եղած են քաղաքական «կոռուպցիայի» (փտածութեան-Խմբ.) մասին: Իսկ հարցումներրը նոյնն էին, ինչ որ հիմնարկը պատրաստած էր ափրիկեան երկիրներէ ներս ժողովրդավարութեան սպառնացող վտանգները չափելու եւ ուսումնասիրելու համար:
Առաւել հետաքրքրական է այն, որ Շուէտի արդիւնքները մեծ տարբերութիւն չունին ափրիկեան երկիրներէն: Օրինակ, խորհրդարանական ընտրութիւններուն շուէտացիներու 7տոկոսը պատրաստ է վերջին պահուն իր քուէի ձայնը տալ այն թեկնածուին, որ իրեն կ՛առաջարկէ փոքրիկ գումար մը կամ մէկ այլ նուէր: Կանայի մէջ այդ համեմատութիւնը 9 տոկոս է:
Երիտասարդներու այս բանակը պատրաստ է իր իրաւունքներն ու ազատութիւնները ծախու հանելու, դրամով վաճառելու: Այս այն սերունդն է, որ մեծցաւ խորհրդային համայնավարական կարգերու անկումէն ետք, սառը պատերազմի աւարտին յաջորդող երկու տասնամեակներուն: Մեծահասակներու մօտ պատկերը ուրիշ է: 40 տարեկանը անց մարդկանց միայն 2.5 տոկոսը ունի նման վերաբերմունք: Փաստօրէն անոնց մօտ դեռ եւս կենդանի է պատմութիւնը:
Անհաւատալի բայց իրաւ՝ երիտասարդներու 28 տոկոսը պատրաստ է ձայն տալու քաղաքական իր համոզումներուն հակադրուած թեկնածուին, եթէ այս վերջինը խոստանայ աշխատանք ապահովել կամ դասաւորել խնդրոյ առարկայ անձին կամ անոր մերձաւորներուն համար:
Ի՛նչ կարելի է կոչել սա, եթէ ոչ «կոռուպցիա»:
Նոյն այս երիտասարդներու 23 տոկոսը ունի նաեւ այն համոզումը, որ իրեն համար նշանակութիւն չունի, տարբերութիւն չ՛ըներ, թէ ինչպիսի՛ կարգերու տակ կ՛ապրին՝ ժողովրդավարական, թէ բռնատիրական: Մինչդեռ մեծահասակներու 97 տոկոսին համար ժողովրդավարական կարգերու տակ ապրիլը հացի եւ ջուրի չափ կենսական է:
Ինչու՞ եւ ինչպէ՞ս բացատրել այս տարօրինակութիւնները:
Հնարաւոր պատասխան կրնայ ըլլալ 16 տարեկան աղջկաս բացատրութիւնը. ամէն մարդ կը խօսի Չինաստանի տնտեսական հրաշքին մասին, իսկ ոչ ոք կը խօսի Չինաստանի տարածքին համատարած աղքատութեան եւ ամէնուրեք գործադրուող քաղաքական ճնշումներու մասին: Մեծահասակները ուրեմն այն տպաւորութիւնը կը ստեղծեն, որ բռնատիրական կարգերը այնքան ալ վտանգաւոր չեն եւ անոնցմէ վախնալու պատճառներ չկան:
Կրնայ ըլլալ, որ աղջկաս պատասխանը ճիշդ է:
Ուսումնասիրութեան հեղինակներուն համաձայն, պէտք է նկատի ունենալ մէկ իրողութիւն, որ հարցումներուն պատասխանող այս երիտասարդները ծայրայեղականներ չեն, այլ ունին ամենատարբեր ենթահող, եւ կու գան ամենատարբեր քաղաքական կուսակցութիւններու համակիրներու շարքերէն:
Այս տղաքն ու աղջիկները ունին ե՛ւ աշխատանք ե՛ւ կրթութիւն, ինչպէս հասարակութեան մնացեալ տարրերը: Միւսներու նման անոնք նաեւ ունին համահաւասար հաւատք այնպիսի հաստատութիւններու նկատմամբ, ինչպիսին են եկեղեցին, համալսարանները, պաշտպանութեան եւ այլ հիմնարկները:
Անոնք գործօն են միւսներու նման, ունին բողոքելու կամ ցուցական արարքներու մասնակցելու նոյն չափի պատրաստակամութիւն ինչքան միւսները: Սակայն այս բոլորը մօտէն կը յիշեցնեն հայկական իրականութիւնը:
Բոլորս գիտենք, որ իւրաքանչիւր ընտրութեան ատեն, հայ մարդը, հայ քաղաքացին կը հրաժարի քաղաքացիական իր իրաւունքներէն, եւ քուէի ձայնը կը վաճառէ մի քանի հազար դրամի դիմաց:
Ուրեմն, ինչպէ՞ս բացատրել այս երեւոյթը: Ի՞նչ են ճշգրիտ պատճառները: Առ այժմ պատասխաններ չունինք: Սակայն եկէք նայինք քանի մը վարկածներու, աւելի ճիշդ՝ կարելիութիւններու: Առաջին հերթին նայինք կրթութեան բնագաւառին: Արդեօք երիտասարդ սերունդը տարրական դպրոցի 10 տարիներուն ինչպիսի՞ դաստիարակութիւն կը ստանայ ժողովրդավարութեան մասին:
Մեր երեխաներուն կու տանք ժողովրդավարութեան եւ յատկապէս շուկայական տնտեսութեան մասին մեքենական մեկնաբանութիւններ, պատմական context-է (պարունակէ-Խմբ.) զուրկ պատկեր մը, ուր չեն վերծանուիր ժողովրդավարութեան օրինաչափական հիմքերը:
Սակայն դպրոցը կը նշանակէ ուսուցիչ: Այսօր ո՞վ կը պատրաստէ մեր ուսուցիչները, ինչպիսի՞ կրթութիւն ունին իրենք ուսուցիչները՝ ժողովրդավարութեան մասին: Պատասխանը մէկ է. պատասխանատու են համալսարաններն ու ու քաղաքական գիտութիւններու եւ պատմութեան հիմնարկները, որոնք կը դաստիարակեն մեր ապագայ ուսուցիչները: Պատասխանատու է ինքը՝ պետութիւնը:
Երիտասարդները նաեւ կը ցուցաբերեն բացայայտ եւ զգալի չափով անվստահութիւն քաղաքական կուսակցութիւններու եւ քաղաքական դէմքերու նկատմամբ:
Ձախողած են նաեւ քաղաքական կուսակցութիւնները, ե՛ւ աջը, ե՛ւ ձախը:
Քաղաքական քննարկումներու չգոյութիւնը, գաղափարախօսական յստակ տարբերութիւններու բացակայութիւնը մտքերու մէջ յառաջացուցած են անորոշութիւն, նոյնիսկ՝ քաոսային իրավիճակ: Ի՞նչ պէտք է ակնկալել մեր օրերու կուսակցութիւններէն, երբ ընկերվար Ժողովրդավարները անդադար կը խօսին հարկերու նուազեցման մասին, մինչդեռ աջակողմեանները իրենք զիրենք կանուանեն 21րդ դարու բանուորական կուսակցութիւն:
Շփոթը նաեւ մեծ է հայ երիտասարդութեան մօտ. Կ՛երեւի քաղաքական կուսակցութիւնները իրենց գործառոյթով մեր երիտասարդներուն կը փոխանցեն մէկ պատգամ. կուսակցութիւններու միջեւ տարբերութիւն չկայ, քուէն անկարեւոր է. տարբերութիւն չ՛ըներ թէ քուէդ որո՛ւ կու տաս, որովհետեւ այսպէս թէ այնպէս, քու ձայնը կշիռ չունի, քուէն ուժ չէ:
Նոյնչափ ձախողած են հեռատեսիլի կայաններն եւ տպագիր մամուլը, որոնք պարտաւոր են քաղաքացիներուն լուսաբանել որպէսզի ժողովրդավարութիւնը ճիշդ գործէ: Անոնք ձախողած են հասնիլ այդ երիտասարդներուն: Մամուլի ներկայացուցիչները պարտաւոր են վերանայիլ իրենց պատասխանատուութիւնները:
Իրականութիւնը դառն է: Երիտասարդ քաղաքացիներու մեծ խումբ մը պատրաստ է իր քուէն ծախելու՝ դրամի դիմաց: Անոնց համար նշանակութիւն չունի թէ երկիրը բռնատիրական կամ ժողովրդավարական կարգի տակ է:
Ժողովրդավարութիւնը ունի յաւերժական խնդիր մը. երիտասարդութեան հասկցնել եւ սորվեցնել ազատութեան իսկական արժէքը:
Կասկած չունիմ որ երիտասարդները գիտեն անոր արժէքը: Երիտասարդները յեղափոխական ուժ են: Բայց կայ կրծող, մաշեցնող մտահոգութիւն մը: Արդէօ՞ք կարելի է վստահիլ երիտասարդութեան յեղափոխական ոգիին:
Կամ կրնա՞յ պատահիլ, որ անոնք իրենց իտէալիզմը, ներուժն ու անհամբերութիւնը, գործի անյագ ծարաւը ծառայեցնեն ի նպաստ հակաժողովրդավարական ուժերու:
Սպառնալիքը լուրջ է:
ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ հրապարակագիր է ու վաւերագրական շարժապատկերի բեմադրիչ: Ան կ՛ապրի Սթոքհոլմ:
Suzanne.khardalian@comhem.se