ՊՈԼԻՍ.- «Էմեք» քաղաքական շարժումի Պոլսոյ երեսփոխանութեան թեկնածու Սըրրը Սիւրէյա Էօնտեր, Թուրքիոյ մէջ հայերն ու ասորիները սիրաշահելու համար, անոնց բաժնած է իրենց լեզուներով շրջաբերականներ, որոնք հետաքրքրութիւն ստեղծած են։ Էօնտեր կը խոստանայ ցեղային տարբեր արմատ ունեցող հայրենակիցներու հարցերը խորհրդարան հասցնել, եւ այդ հարցերուն լուծումներ առաջարկել։
«Ասորիներու պարագան ծանօթ չէ մեզի։ Գալով հայերուն՝ քաղաքական թեկնածուն չի գիտեր հաւանաբար, թէ Թուրքիոյ հայ հայրենակիցները մեծամասնութեամբ լքած են իրենց մայրենի լեզուն եւ ինք ընտրուելու համար զուր տեղ դիմած է այդ միջոցին։ Ան այս քայլին դիմած է թերեւս զգայացունց նորութեան մը ռահվիրան հանդիսանալու համար», կը գրէ «Մարմարա»: