ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու յայտնեց, որ ներկայ կառավարութեան նպատակը Թուրքիան միջազգային ուժի վերածել է:
Տաւութօղլու ըսաւ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կազմած կառավարութիւնը վճռական կերպով կը քալէ դէպի 2023 թուական, որ Թուրքիոյ հանրապետութեան կազմութեան 100 ամեակն է։
«Բոլորը կ՛ընդունին, որ Թուրքիա շրջանային ազդեցիկ ուժ մըն է։ Մեր նպատակը Թուրքիան միջազգային ուժի վերածելն է։ Թուրքիա իբրեւ միջազգային ուժ, փայլուն ապագայ մը ունի», յայտարարեց ան, իշխող կուսակցութեան անդամներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին: