Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆ՝
ԱՌՈՂՋ ՄԱԶԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ
Եթէ չոր մազ ունիք եւ շատ կարծր, ուրեմն այս սննդականոնը ուղղակի ձեզի համար է: Գիտէի՞ք, թէ այն ինչ որ կ՛ուտէք, կ՛արտացոլայ ձեր մազերու երեւոյթին ու առողջութեան վրայ: Աշխարհի բոլոր մազ վերակենդանացնող «շամփու»ները պիտի չօգնեն ձեր մազերուն, եթէ դուք չսնուցանէք ձեր մարմինը:
* Ճիշդ ինչպէս ձեր մարմինը, նոյնպէս ձեր մազերը կարիքը ունին հաւասարակշռուած եւ առողջապահական սննդականոնի, որպէսզի մնան առողջ եւ գեղեցիկ: Այս իսկ պատճառով է, որ ձեր ուտելու յայտագիրը պէտք է պարունակէ կենսանիւթերու, «էնթայօքսիտըն»չներու, հացահատիկներու, պիստակեղէնի, մետաղներու եւ բրիթիններու ծիածան մը: Լաւ նախաճաշ մը կրնայ սկիզբը ըլլալ առօրեայ լաւ սննդականոնի:
* æուրը ոչ միայն կ՛ոռոգէ ձեր մարմինը, այլ կ՛օգնէ որ ձեր մազերը մնան մետաքսեայ եւ փայլուն: Այս իմաստով, օրական 8-10 գաւաթ ջուր եւ զանազան հիւթերը ձեր մարմինին կը հայթայթեն կատարեալ ոռոգում:
* Պտուղներէն, բանջարեղէններէն եւ հացահատիկներէն ստացուած բնաթելերը չափազանց օգտակար են մեր մարմինին եւ մազերուն:
* Սոյի սննդեղէնները իրենց մէջ կը պարունակեն ֆայթօէսթրոճէններ (phytoestrogens), բուսական էսթրոճէններ, որոնք կը նպաստեն առողջութեան: Հետեւաբար լաւ է, որ ձեր սննդականոնը պարունակէ սոյ կաթ, կամ սոյ պարունակող այլ ուտելիքներ:
ՏՆԱՅԻՆ
ԿԱՆՈՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Տան մէջ ամէնէն անհրաժեշտ մասնիկներէն մէկը կը համարուի օրէնքը։ Անօրէն տունը կը նմանի առանց ղեկի նաւու մը, որուն ճակատագիրը ուշ կամ կանուխ խորտակում պիտի ըլլայ։ Իւրաքանչիւր տուն իր կանոնագրութիւնը կրնայ ունենալ, եւ տնային կարգ ու կանոնի իրագործման համար պէտք է նկատի ունենալ հետեւեալ գլխաւոր կէտերը.
* Կարգ ու կանոնը պարտադիր դարձնել. Ընդունիլ զայն որպէս կեանքի մէկ անհրաժեշտութիւնը՝ հրամայական մը, որ կրնայ մեծ դեր ունենալ ընտանիքին ուրախութեան եւ յաջողութեան մէջ:
* Ակնկալութիւնները յստակացնել. Մարդկային յարաբերութեան կարեւոր մէկ երեսն է գիտնալ ինչպէս համաձայնիլ տարակարծութիւններու գոյութեան:
* Ընդարձակել ազդեցութիւններու օղակը. Մի՛ մոռնաք այս բոլորը բացայայտել նաեւ բոլոր անոնց, որոնք կրնան կապ եւ ազդեցութիւն ունենալ երեխաներուն վրայ, ինչպէս՝ մեծ հայր, մեծ մայր, ազգականներ, ինչու չէ նաեւ երբեմն դրացիներ:
* Եղէք ճշգրիտ եւ որոշակի ձեր թելադրութիւններուն եւ ակնկալութիւններուն մէջ:
* Անհամաձայնութեան, անհնազանդութեան եւ կարգ ու կանոնի խախտման պարագային դրական բայց ազդեցիկ կեցուածք որդեգրեցէք:
* Զրուցեցէ՛ք ձեր երեխաներուն հետ: Ընտանեկան հանդիպումի մը ընթացքին ձեր երեխաներուն բացատրեցէք կարգ ու կանոնի կարեւորութիւնը, իմաստն ու նշանակութիւնը եւ բարեբեր հետեւանքները: Մի՛ մոռնաք նաեւ լսել զիրենք եւ նկատի առնել իրենց մտահոգութիւններն ու կարծիքները:
Վերջապէս, կառչած մնացէք կարգ ու կանոնին եւ ամէն ոք կ՛օգտուի: Կարգ ու կանոնի հաստատումն ու ուսուցումը, ոչ թէ միայն մեր իրաւունքն է, այլ՝ ծնողական մեր պարտականութիւնը:
———————————————————————————————————-
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Շոմինով Ու Հաւով Աղցան
Բաղադրութիւն
6 գաւաթ խոշոր ջարդուած շոմին (spinach)
2 գաւաթ խոշոր ջարդուած հազար
1 միջակ կարմիր սոխ՝ մանր ջարդուած
2 միջակ կարմիր կամ կանաչ պղպեղ՝ մանր ջարդուած
12 օզ. հաւու ճերմակ միս առանց մորթի եւ ոսկորի
1/2 թ. դգալ չորցած եւ մանր քաշուած rosemary
1/2 թ. դգալ պղպեղ
2 պճեղ ծեծուած սխտոր
1 ա. դգալ տապկելու ձէթ
2 ա. դգալ balsamic քացախ
2 ա. դգալ ջուր
Պատրաստութեան կերպը
1. Աղցանի խոշոր ամանի մը մէջ միասին խառնեցէք շոմինը, հազարը, սոխն ու պղպեղը: Բերանը ծածկեցէք ու սառնարանը պահեցէք շուրջ երկու ժամ:
2. Հաւուն կտորները մանր ջարդեցէք: Անոր վրայ ցանեցէք rosemary-ն եւ պղպեղը: Խոշոր տապակի մը մէջ տաքցուցէք ձէթը, վրան պարպեցէք հաւուն կտորները եւ սխտորը: Բարձր կրակով եփեցէք մինչեւ փափկանալը եւ գոյնին փոխուիլը: Տապակէն պարպեցէք հաւու կտորները եւ աւելցուցէք աղցանին:
3. Թացանին համար, քացախը եւ ջուրը պարպեցէք տապակին մէջ, դարձուցէք եւ ապա պարպեցէք աղցանին վրայ ու լաւ խառնեցէք: Առանձին պնակներու մէջ պարպեցէք աղցանը եւ ըստ փափաքի վրան դրէք թարմ rosemary-ի քանի մը տերեւ:
Այս քանակը չորս անձի համար նախատեսուած է:
1 անձի քանակը իր մէջ կը պարունակէ.- 172 ջերմուժ, իւղ՝ 6 կրամ, քոլիսթերոլ՝ 45 միլիկրամ, Սոտիում՝ 248 միլիկրամ, շաքարեղէն՝ 10 կրամ, բրոթին՝ 20 կրամ: