ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- ՀՀ կառավարութիւնը որոշած է Գորիս քաղաքը յայտարարել իբրեւ զբօսաշրջային կեդրոն: Գորիսի զարգացման ծրագիրի հայեցակարգային նպատակներն են՝ մինչեւ 2016 քաղաքը դարձնել միջազգային չափանիշներու համապատասխանող, ամբողջ տարին գործող զբօսաշրջութեան կեդրոն, նաեւ ճանաչողական, կրթական նպատակներ եւ խնդիրներ առաջադրող մշակութային զբօսաշրջութեան կեդրոններու վերածել շրջակայ գիւղերը՝ Տաթեւը, Խնձորեսկը, Հալիձորը, Քարահունջը, ուր աւելի լաւ կերպով պահպանուած են Գորիսի շրջանին բնորոշ աւանդոյթները, կենցաղը, բարբառը, խոհանոցը եւ այլն:
Գորիսի զարգացման ծրագիրի գերակայ խնդիրներ յայտարարուած են քաղաքի ենթակառուցուածքներու ձեւաւորումը եւ զարգացումը, ժայռափոր Գորիսի տարածքին զբօսաշրջական հանգրուանի ստեղծումը, քաղաքի օդակայանին վերագործարկումը եւ այլն: