29 Ապրիլին, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն գիտահետազօտական հիմնարկին մէջ կազմակերպուեցաւ հանդիպում մը թուրք պատմաբան, ցեղասպանագէտ, Հայկական Հարցին մասին բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ, UCLA համալսարանի «Promise» հայկական հիմնարկի Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու ծրագիրի ղեկավար Թաներ Աքչամի հետ:
Աքչամ ներկայացուց «Ցեղասպան պետութեան ակունքները» գիրքը, որուն թարգմանութիւնը կատարած է հայ թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի թրքերէն բաժինի պատասխանատու Մելինէ Անումեան: Մենագրութեան մէջ հեղինակը կ՛առաջարկէ նոր մօտեցում Թուրքիոյ հիմնադրութեան պատմութեան, ըստ որուն, հանրապետութեան ստեղծման օրէն ի վեր Թուրքոյ մէջ հաստատուած է ցեղային խտրականութեան համակարգ մը, որ ցարդ կը գործադրուի փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ:

«Նոյնիսկ եթէ բազմաթիւ փաստաթուղթեր բերէք, որ Թալէաթ փաշան հրամայած է կոտորել հայերը, անիմաստ է, Էրտողան պիտի շարունակէ ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչումը կարելի պիտի ըլլայ միայն քաղաքական պայքարով», ըսաւ Աքչամ, որ աւելցուց, թէ ինք բացայայտած է փաստաթուղթ մը, ըստ որուն հայերը ցեղասպանութեան ենթարկելու որոշումը տրուած է 1 Դեկտեմբեր 1914ին։
«Արցախի մէջ պատերազմի դէմ կատարուած են բազմաթիւ ստորագրահաւաքներ, որոնց ես եւս մասնակցած եմ», յայտարարեց Աքչամ` անդրադառնալով Արցախի հարցին:
Ան յայտնեց, որ Արցախի մէջ մարդկութեան դէմ մեծ ոճիր իրագործուած է: «Ես կ՛աջակցիմ, Արցախի ժողովուրդին՝ իր իրաւունքներուն տիրանալուն: Մեծ յոյսեր չեմ փայփայեր այդ հարցով, որովհետեւ անիկա կը յիշեցնէ Ցեղասպանութենէն ետք իրենց իրաւունքները վերագտնել փորձող հայերու պարագաները, կը յիշեցնէ նաեւ բազմաթիւ այն պաղեստինցիները, որոնք կը փափաքին վերադառնալ իրենց երկիրը: Ամէնէն կարեւոր բանը, զոր պէտք է նշեմ՝ մարդու վերադառնալու իրաւունքն է, որուն համար պէտք է պայքարիլ», ըսաւ Աքչամ: