ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Ազատութիւն».- ԱՄՆի մէջ անցեալ աշնան բացայայտուած հայկական յանցաւոր խմբաւորման պարագլուխը՝ «Պզօ» կեղծանունով յայտնի Արմէն Ղազարեանը, դատարանին առջեւ մասամբ խոստովանած է իր մեղքը:
«Նիւ Եորք Տէյլի Նիուզ» գործակալութեան փոխանցումով, քրէական հեղինակութիւն համարուող «Պզօ»ն, մեղադրող կողմին հետ համաձայնութեան եկած է. արարքը լիարժէք խոստովանելու պարագային՝ անոր հասանելիք պատժաչափը պիտի կրճատուի մինչեւ երեք տարուան ազատազրկման:
Արմէն Ղազարեանի եւ յանցաւոր խմբաւորման միւս յատուկ դերակատարներուն կը սպառնար ցմահ բանտարկութիւն՝ բժշկական ապահովագրութեան բնագաւառին մէջ զանգուածային խարդախութիւններ, փաստաթուղթերու կեղծում եւ մեքենայութիւններ կատարելու համար:
Նախօրէին, Մենհեթընի դաշնակցային դատարանին մէջ, Ղազարեան խոստովանած է, որ ինք ահաբեկած է մարդիկ եւ այլ յանցագործութիւններ գործած:
Գալիք շաբաթասկիզբին կայանալիք դատական նիստին, Արմէն Ղազարեան պիտի շարունակէ ցուցմունք տալ, քանի որ նախորդ դատական նիստին ցուցմունքը կիսատ մնացած է՝ հայերէնէն անգլերէն թարգմանչական խնդիրներու պատճառով, որովհետեւ Ղազարեան դատարանին մէջ հայերէն կը խօսի: Դատարանին մէջ անոր շահերը կը պաշտպանէ յայտնի փաստաբան Մարք Կիրակոս:
ԱՄՆի Հետաքննութիւններու դաշնակցային բիւրոյի (FIB) գործակալները անցեալ տարուան Հոկտեմբերին ձերբակալեցին 47ամեայ Արմէն Ղազարեանն ու խմբաւորման շուրջ 70 անդամներ: Մեղադրական եզրակացութեան մէջ նշուած է, թէ անոնք 25 նահանգներու մէջ արձանագրած են գոյութիւն չունեցող 118 դարմանատուներ, ապօրինի ճանապարհներով ձեռք բերած են հիւանդներու անձնական տուեալներ եւ այդ տուեալները ուղարկելով բժշկական ապահովագրական ընկերութիւններու՝ գումարներ ստացած են չկատարուած բժշկական ծառայութիւններու համար:
Ընդհանուր առմամբ, խմբաւորումը Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան հասցուցած է շուրջ 160 միլիոն տոլարի վնաս:
Խմբաւորման անդամներէն երկուքը՝ Ռաֆիկ Թերճանեան եւ Կարէն Ահարոնեան, արդէն մեղաւոր ճանչցուած են:
Արմէն Ղազարեանի մասով, մեղադրանքին մէջ նշուած է, թէ ան կ՛ապրի Լոս Անճելըս, ուր, օգտուելով քրէական մարզին մէջ ունեցած իր հեղինակութենէն՝ յաճախ վէճեր հարթած է խմբաւորումներու միջեւ՝ Միացեալ Նահանգներու տարածքին եւ ԱՄՆի սահմաններէն դուրս, բայց երբեք յանցանք չէ գործած: Ան ԱՄՆի քաղաքացի է: Հայաստան ապրած տարիներուն եւս չէ դատուած՝ ըստ Հայաստանի ոստիկանութեան տեղեկատուութեան:
Այս յանցախումբի անդամներու ձերբակալութիւններուն յաջորդեց ԱՄՆի Հետաքննութիւններու դաշնակցային բիւրոյի ներկայացուցիչներուն այցը Հայաստան: Այդուհանդերձ, ՀՀ Գլխաւոր դատախազութեան մամլոյ խօսնակ Շահէն Տօնոյեան յայտնեց, թէ Գլխաւոր դատախազութիւնը հայկական յանցախումբին հարցով իրաւական փոխգործակցութեան վերաբերեալ որեւէ միջնորդագիր կամ հարցում չէ ստացած ԱՄՆի քննչական մարմիններէն: