
Երեքշաբթի, 31 Մայիս 2011ի երեկոյեան ժամը 7:30ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Վահանի (Սարգիս Մահսէրէճեան) «Սասունցի Դաւիթի Հետքերով» վէպին պարզացուած՝ պատանեկան-աշակերտական հրատարակութեան գինեձօն-ողջունահանդէսը, կազմակերպութեամբ «Ասպարէզ» օրաթերթի եւ Այնթապցիներու Մշակութային միութեան։
Յայտագիրին հանդիսավարը՝ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Աբօ Պողիկեան, իր բարի գալուստի խօսքին մէջ նշեց, որ Սարգիս Մահսէրէճեան մեզի ծանօթ անուն մըն է իր քաղաքական-վերլուծական յօդուածներով, ինչպէս նաեւ գաղութի մշակութային եւ գրական կեանքէն իր քաղած ապրումներուն ու տպաւորութիւններուն արագ անդրադարձներով։ Ապա, ան բեմ հրաւիրեց Այնթապցիներու Մշակութային միութեան ատենապետը՝ Աւետիս Տէմիրճեանը, որ իր սրտի խօսքը փոխանցէ ներկաներուն։ Պրն. Տէմիրճեան յայտնեց, որ թէեւ միայն վերջին քանի մը տարիներուն իբրեւ գործակից ունեցած է Ս. Մահսէրէճեանը, սակայն այդ կարճ փորձառութեամբ զայն ճանչցած է իբրեւ հետեւողական ու ներդրում ունեցող ժողովական։

Ա. Մ. միութեան նախագահ՝ բազմավաստակ դաստիարակ եւ մտաւորական Երուանդ Պապայեան, առողջական պատճառներով չէր կրցած ներկայ ըլլալ գրական այս հանդիպումին. անոր գրաւոր շնորհաւորագիրը՝ բարեմաղթութիւնները եւ գնահատական խօսքը ընթերցեց միութեան ատենադպիրը՝ Սարգիս Պալմանուկեան։
ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ
ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆՑ
ԴԵՐԻՆ ՄԱՍԻՆ
Այնուհետեւ, բեմ բարձրացաւ Սահակ Մեսրոպ վարժարանի ուսուցչուհիներէն Մայտա Բաբումեան, որ հրաւիրուած էր խօսելու ընդհանրապէս մանկապատանեկան հրատարակութիւններու եւ յատկապէս «Հայ Գիր» հրատարակչատան նոյնանուն մատենաշարին մասին։ Ան առաջին հերթին խօսեցաւ ընթերցանութեան կարեւորութեան մասին, պատմելով անձնական փորձառութիւններէ եւ յուշերէ պատառիկներ, ընդգծելով, որ ընթերցումի սէրն ու վարժութիւնը ձեռք բերած է ընտանիքի յարկին տակ, հետեւելով հօրը ընթերցասիրութեան օրինակին։ Ապա, ան անդրադարձաւ արդի արհեստագիտութեան բերած նորութիւններուն, որոնք դարձած են մանուկներու եւ պատանիներու ժամանցի պահերուն եւ ուշադրութեան կեդրոնը, վերածուելով ընթերցումի համար տրամադրուելիք ժամանակին գլխաւոր մրցակիցը. ան նաեւ խօսեցաւ կարգ մը մանկապատանեկան գիրքերու բովանդակութեան մասին, որոնց միջավայրն ու պայմանները բոլորովին չեն համապատասխաներ լոս-անճելըսաբնակ մեր մանուկներուն եւ պատանիներու առօրեային, որովհետեւ անոնց բառապաշարը համեմատաբար բարդ է, հետեւաբար ընթերցող պատանին կը մնայ անհաղորդակից եւ դժուարութիւն կ՛ունենայ զանոնք հասկնալու։ Այս մօտեցումով ալ, տիկին Բաբումեան կանգ առաւ «Հայ Գիր» մատենաշարին առջեւ, մատնանշելով, թէ անոր հիմնական նպատակը եղած է հայ աշակերտին ու պատանիին տրամադրել հաճելի, հետաքրքրական եւ մանաւանդ դիւրամատչելի՝ հասկնալի պատմութիւններ, որպէսզի պատանին սիրէ հայերէն գիրքը, մղուի հայերէն կարդալու, խօսելու եւ գրելու։ Այս նպատակին հասնելու համար, Սարգիս Մահսէրէճեան ձեռնարկած է արեւմտահայերէնի վերածելու եւ պարզացնելու մեր կարգ մը հեղինակներուն գործերը։ Մանրամասնելով, ան բացատրեց, թէ «Հայ Գիր»ի հրատարակութիւնները այսօր մէկ կողմէ կը հանդիսանան հայերէնի ուսուցիչներուն օժանդակ միջոցներ, իսկ միւս կողմէ պատանիներուն կ՛ընծայեն հաճելի եւ դիւրին հասկնալի գիրքեր։ Ան այս մօտեցումով ողջունեց այս նոր հատորը, որ կու գայ հարստացնելու նոյն նպատակով գիրքեր հրատարակողներուն հետզհետէ աճող գրադարանը։
ՄԵՐ ԴԱՏԻ ՈՒԺԱԿԱՆ
ՊԱՅՔԱՐԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ

«Սասունցի Դաւիթի Հետքերով» գրքին, ինչպէս նաեւ Սարգիս Մահսէրէճեանի գործունէութեան մասին խօսեցաւ «Ասպարէզ» օրաթերթի նախկին խմբագիր եւ ՀՅ Դաշնակցութեան արխիւներու այժմու պատասխանատու Վաչէ Բրուտեան։ Ան նախ անդրադարձաւ այն ժամանակաշրջանին, երբ հեղինակը մուտք գործած էր մեր մամուլի ասպարէզը՝ իբրեւ լրագրող եւ ապա խմբագիր. ան կեդրոնացաւ քաղաքական այն անցուդարձերուն եւ իրականութիւններուն, որոնք հայութեան բաժին դարձան Ցեղասպանութեան 60ամեակով ծայր տուած զարգացումներով, վեր առնելով մեր Դատին հետապնդման ուժական պայքարի շրջանը, երբ միջազգային մամուլը հարկադրուեցաւ անդրադառնալու Ցեղասպանութեան ու արծարծելու անոր հետեւանքներուն կապուած հարցերը, յատկապէս հայութեան պահանջատիրութիւնը։ Բանախօսը յիշեց, թէ թէեւ «Սարգիս Մահսէրէճեան լրագրողը կը գործէր «Ազդակի նկուղ»ին մէջ, սակայն ան կը գտնուէր լրատուական մայրուղիներու խաչմերուկներուն վրայ։ Օժտուած լրագրողի բնատուր բնազդով, ան տող առ տող կրնար վերծանել այս նորագոյն պայքարին առնչուող քաղաքական բոլոր ծալքերը, վերլուծել քաղաքական այս նոր ստեղծուած կացութեան նրբութիւնները, ընդգծել հայութեան շահերուն համար նպաստաւոր եւ աննպաստ երեւոյթները եւ այդ ձեւով ալ, ան մեզի կը ներկայանար իբրեւ մարտիկ-լրագրող մը»։

Խօսելով «Սասունցի Դաւիթի Հետքերով» վէպի նիւթին մասին, Վ. Բրուտեան ըսաւ. «Վէպը պատումն է 70ական-80ական թուականներու հանգրուանին, այսինքն՝ կ՛առնչուի ուժական պայքարի հանգրուանին. Ս. Մահսէրէճեան կրցած է լաւապէս թափանցել պետական կառոյցներու աշխատանքային ոճին, մանաւանդ այն կառոյցներուն, որոնց մասին շատ յաճախ բան չի գրուիր ու չի խօսուիր մամուլին մէջ։ Այսինքն՝ ապահովական ու հետախուզական կառոյցներուն, որոնք իրենք իրենց մէջ կը ներկայացնեն մթին աշխարհ մը, որուն աշխատանքային ոճը ըմբռնելը սովորական քաղաքացիներու մտային կարողութիւններէն վեր է՝ շատ յաճախ։ Սակայն Ս. Մահսէրէճեան յաճախած ու աւարտած, հետագային ալ ղեկավարած էր այդ օրերու հայ մամուլի համալսարանը, իր կարգին կոփուած էր մեր քաղաքական մտածողութեան այդ իւրայատուկ քուրայէն ներս, որ ինչպէս ըսինք, կը կոչուի «ԱԶԴԱԿ» օրաթեր»չ։
Վէպին արժանիքներուն մասին խօսելով, Պրն. Վ. Բրուտեան ըսաւ, թէ «անիկա գրական-գեղարուեստական երկ մը չէ, այլ ազգային մտածողութիւն արտայայտող ու նկարագիր կազմաւորող վէպ մը, առանց աժան ամբոխավարութեան։ Վէպ մը՝ որ նաեւ շատ բան կը սորվեցնէ ընթերցողին, թէ ինչպէս յառաջ կը մղուի մեծապետական քաղաքականութիւնը՝ ընդդէմ իրաւազրկուած ժողովուրդներու։ Վէպ մը՝ որ պատմական

ժամանակաշրջանի մը հարազատ պատկերացումը կու տայ, խտացնելով մեր ուժական պայքարը վերականգնող սերունդին անձնազոհութիւնն ու գաղափարապաշտութիւնը։ Վերջապէս վէպ մը՝ որ կը նպաստէ հայ ընթերցողի քաղաքական գիտակցութեան մակարդակի բարձրացման, բան մը որուն կարիքը այնքան կը զգացուի այսօրուան նիւթապաշտ աշխարհին մէջ»։
Բանախօսութենէն ետք, հանդիսավարը՝ Պողիկեան, բեմ հրաւիրեց Արտակ Ա. քհնյ. Տէմիրճեանը, որպէսզի հանդիսականներուն ներկայացնէ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի շնորհաւորական խօսքը։
Ի վերջոյ, բեմ բարձրացաւ հեղինակը՝ Սարգիս Մահսէրէճեանը, արտասանելու իր սրտի խօսքը։ Ան հիմնականին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ողջունահանդէսը նախաձեռնողներուն, յայտագիրին մասնակցողներուն ու հատորին հրատարակման մէջ բաժին ունեցողներուն, յատկապէս եղբօրը՝ Յովիկին, «որ այս հրատարակութեան ծափը հնչեցնող երկու ձեռքերէն մէկն է»։
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆ
Բանաւոր արտայայտութիւններուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր մը։ Արա Տապանճեան եւ իր գլխաւորած «Element» խումբի անդամներ բեմ բարձրանալով, ներկաներուն հրամցուցին օրուան ոգիին եւ թեմային համապատասխանող հայկական երաժշտական կոկիկ յայտագիր մը։
Աւարտին, գրասէր հանդիսականները առիթը ունեցան գիրքէն օրինակներ վերցնելու, զորս մակագրեց հեղինակը։
Յիշեցնենք, որ այս գիրքին ներկայացման երկրորդ առիթ մը պիտի ընծայուի ընթերցասէրներուն, այսօր, Ուրբաթ, 10 Յունիսի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Ապրիլ» գրատան մէջ։