
ԱԹԷՆՔ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Յունիս 15ին, հազարաւոր ցուցարարներ դարձեալ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Յունաստանի մայրաքաղաքին մէջ՝ դատապարտելով կառավարութեան կողմէ որդեգրուելիք խնայողական յաւելեալ միջոցառումները, որոնք կապուած են երկրին հսկայ պարտքերը վերադարձնելու նպատակով միջազգային կառոյցներէ կառավարութեան ստանալիք վարկերուն: Մինչ լրատուական աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ ցոյցերուն մասնակցած են 20,000 քաղաքացիներ, ցոյցերուն կազմակերպիչները ցուցարարներուն թիւը գնահատած են 40,000ի շուրջ: Հարիւրաւոր ցուցարարներ նաեւ ընդհարումներ ունեցան խորհրդարանը պաշտպանող ոստիկաններու հետ: Հսկայ ցոյց մը տեղի ունեցաւ նաեւ Թեսաղոնիկէի մէջ:
Միւս կողմէ, դիւանագիտական աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Յունաստանի ընկերվարական կառավարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է հրաժարելու, ազգային համերաշխութեան կառավարութիւն մը գոյացնելու նպատալով, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի հաստատ քայլերով դէմ դնել տնտեսական տագնապին: