
ՄԵՏԻՍԸՆ, «Էյ.Փի.».- Ուսիքանսընի գերագոյն ատեանը Երեքշաբթի, Յունիս 14ին բեկանած է նահանգային ատեանի մը այն որոշումը, որ հակասահմանադրական կը համարէր նահանգի աշխատաւորական միութիւններուն բանակցելու իրաւունքները սահմանափակող նահանգային օրէնքը, որ վաւերացուած էր՝ հակառակ դեմոկրատ ծերակուտականներու ցուցաբերած ընդդիմութեան:
Չորեքշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ նահանգի դեմոկրատ ղեկավարութիւնը այժմ ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնէ այդ օրէնքը վաւերացուցած հանրապետական ծերակուտականներէն վեցին աթոռները ետ խլելու արշաւին վրայ, որպէսզի կարենայ նահանգային Ծերակոյտը իր հակակշիռին տակ առնել: Կ՛ակնկալուի, որ այս նպատակով արտակարգ ընտրութիւններ տեղի ունենան Յուլիսին: Հակադարձելով այս քայլին՝ հանրապետականները եւս կը փորձեն խլել այն երեք դեմոկրատ ծերակուտականներուն աթոռները, որոնք նշեալ օրէնքին վաւերացման դէմ դնելու համար նահանգէն դուրս մեկնած էին անոր քննարկման ընթացքին: