
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան իբրեւ առաջին ամերիկեան հակազդեցութիւն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր նկատել տուաւ, որ Լիբանանի նոր կառավարութեան մասին Ուաշինկթըն իր կարծիքը պիտի յայտնէ՝ մեկնելով կառավարութեան աշխատանքներէն: «Մեզի համար կարեւորը այն է, որ Լիբանան նախանձախնդիր մնայ երկրին սահմանադրութեան գործադրութեան, վերջ տայ բռնարարքներուն, ինչպէս նաեւ կառչած մնայ երկրի միջազգային յանձնառութիւններուն, յատկապէս՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներն ու միջազգային ատեանի իր յանձնառութիւնները գործադրելու առումով», շեշտեց Թոնըր:
ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ողջունեց կառավարութեան կազմութիւնը՝ շեշտելով, որ կառավարութիւնը պէտք է նախանձախնդիր մնայ միջազգային իր յանձնառութիւններուն նկատմամբ: Ան մաղթեց, որ Լիբանան դիմագրաւէ քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական իր բոլոր մարտահրաւէրները՝ ընդգծելով լիբանանցի ղեկավարներուն միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Փարիզ կարեւոր կը նկատէ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառու մնայ միջազգային իր յանձնառութիւններուն:
Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան պետ Քեթրին Էշթըն, իր կարգին ողջունեց Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը՝ նկատել տալով, որ կառավարութեան հետ գործակցութեան հաւանականութիւնը կախեալ է կառավարութեան մշակելիք աշխատանքային ծրագիրէն: Ան յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը բարեկարգումներու կը դիմէ, միջազգային բանաձեւերուն նկատմամբ իր պարտաւորութիւնները կը յարգէ՝ պահպանելով երկրին կայունութիւնը: