
ՊՈԼԻՍ.- «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը որոշած է միջինարեւելեան երկիրներու մէջ իր դեսպանները տուն կանչել, արաբական երկիրներու մէջ ծագած եւ «Արաբական գարուն» անունով ճանչցուած ժողովրդային ըմբոստութեանց շուրջ խորհրդակցութեանց համար։
Արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի գլխաւորութեամբ կայանալիք թուրք դեսպաններու ժողովը պիտի քննէ արաբական երկիրներու մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները եւ կացութեան գնահատում պիտի կատարէ։ Ժողովին նպատակը դիւանագիտական նոր ռազմավարութեան մը որդեգրումն է՝ նկատի ունենալով «այդ իրադարձութեանց հետեւանքները, մասնաւորաբար Թուրքիոյ հարաւային դրացի Սուրիոյ մէջ քաղաքական եւ ապահովական զարգացումները»: Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ դեսպանները ժողովի մը հրաւիրելու գաղափարը ծնած է Տաւութօղլուի, Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան՝ ՄԻԹի, ղեկավար Հաքան Ֆիտանի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ու Սուրիոյ մօտ Թուրքիոյ դեսպաններուն միջեւ Երկուշաբթի օր տեղի ունեցած ժողովին ընթացքին։