
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին, շնորհաւորած է Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութեան մէջ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կուսակցութեան արձանագրած հերթական յաղթանակը։ Իր կարգին, Էրտողան Ասատի կոչ ուղղած է հրաժարելու բռնութիւններէն եւ անյապաղ երկրին մէջ բարեփոխումներու սկսելու։ Թուրքիոյ վարչապետը անհանգստութիւն յայտնած է նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ հակաթրքական գործողութիւններ սկսած են՝ մատնանշելով Դամասկոսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան եւ Հալէպի մէջ հիւպատոսարանին առջեւ տեղի ունեցած հակաթրքական բողոքի ցոյցերը։ Նշենք, որ Դամասկոսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ, ցուցարարներ այրած էին Թուրքիոյ դրօշը եւ բացագանչած. «Ժողովուրդը Թուրքիայէն ետ կը պահանջէ Ալեքսանտրեթը»։
Միւս կողմէ, «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ասատ Չորեքշաբթի, Յունիս 15ին, գնդապետ Հասան Թուրքմանը իբրեւ պատուիրակ ուղղարկած է Անգարա, Էրտողանի հետ հանդիպում ունենալու համար։ Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, Սուրիոյ փոխնախագահ Ֆարուք Շարաա եւ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոաալեմ եւս թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ հանդիպում ունենալու համար Անգարա մեկնած են։
Նաեւ, Սուրիոյ կառավարութիւնը Թուրքիա ապաստանած գաղթականներուն կոչ ուղղեց վերադառնալու իրենց բնակավայրերը, եւ սուրիական Կարմիր մահիկին պատուիրեց անոնց վերադարձը համակարգել, թրքական Կարմիր մահիկին հետ։
Միւս կողմէ, սուրիացի բազմահազար ցուցարարներ, առ ի զօրակցութիւն Սուրիոյ վարչակարգին, Չորեքշաբթի օր հաւաքուած են Մազզէի մայրուղիին վրայ, բարձրացնելով սուրիական դրօշներ եւ Ասատի նկարները։ Անոնք նաեւ բարձրացուցած են 2300 մեթր երկայնքով եւ 18 մեթր լայնքով սուրիական դրօշակ մը։
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա հեռաձայնային հաղորդագրութիւն մը ունեցած է Էրտողանի հետ՝ շնորհաւորելով անոր կուսակցութեան ապահոված ընտրական յաղթանակը։ Օպամա նաեւ յոյս յայտնած է, որ երկկողմանի սերտ կապերը աւելիով կ՛ամրապնդուին:
Նաեւ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնած է, որ Թուրքիոյ ընտրութիւններէն ետք, Իսրայէլ յոյսով է, որ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը կը վերանայ: «7 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Իսրայէլէն նախապէս Թուրքիա կ՛այցելէին 400,000 հոգի, սակայն կը ցաւիմ, որ ատիկա այսօր այդպէս չէ», ըսած է Նեթանիահու։