
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Աշխատաւորական եւ ազատութեան խմբակ»ը, որ ընտրութիւններուն ընթացքին ներկայացուց քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութեան կուսակցութեան աջակցութիւնը վայելող անկախ թեկնածուներ՝ անոնցմէ 36ը երեսփոխաններ դարձնելով, Երեքշաբթի, Յունիս 14ին, Տիարպեքիրի մէջ ընդունելութիւն մը կազմակերպեց ու քրտական հարցի լուծման համար նախատեսուած նոր ճամբու քարտէս մը հրապարակեց։ Նոր քարտէսը շատ աւելի խիստ է քան նախկինները։ Կարելի է ըսել, որ ընտրութենէն ետք Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը յանկարծ շատ խիստ մեկնակէտով մը ճամբայ կը հանէ քաղաքական իր նոր գործունէութիւնը։ Կարեւորագոյն ու խնդրայարոյց կէտը այն է, որ կը պահանջուի ազատ արձակել Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան բանտարկուած ղեկավար Ապտուլլահ Օչալանը, որպէսզի ան կառավարութեան ուղղակի խօսակիցը դառնայ քրտական հարցին մէջ։ Կուսակցութեան ղեկավարները նաեւ յայտարարեցին, որ պատրաստ են թէ՛ ժողովրդավարական քաղաքականութիւն մշակելու, եւ թէ՛ օրինաւոր դիմադրութիւն ցուցաբերելու. «Թող վարչապետը ընտրէ այս երկուքէն մէկը», ըսին անոնք։
Կուսակցութեան համանախագահ Ֆիլիզ Քոչալի յայտարարեց, թէ իրենց ընտրական խմբակը մեծ յաղթանակ արձանագրած է այս ընտրութեան ընթացքին, սակայն ցաւ յայտնեց, որ վարչապետ Էրտողան ընտրութենէն ետք արտասանած իր ճառին մէջ քրտական հարցին մասին բնաւ չէ խօսած, ու նոր յուսախաբութիւն պատճառած է։ «Վարչապետը քրտական հարցին մէջ իր տեսակէտները բացայայտ կերպով պէտք է բաժնէ ժողովուրդին հետ», ըսաւ ան։