(ՀՄԸՄի Ռազմավարական Ծրագրին Ներշնչումով)
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ծանօթ հրապարակագիր Սիւզան Խարտալեան վերջերս քննական լուսարձակի տակ առած էր «Դրամը կը խօսի» երեւոյթը՝ ահազանգ հնչեցնելով, որ ժողովրդավարութեան, արդարութեան եւ մաքուր ձեռքերով կառավարման օրինակով գաղափարական–քաղաքական հիմնական արժէքներու նկատմամբ մտահոգիչ անտարբերութիւն մը սկսած է արմատաւորուիլ մերօրեայ երիտասարդութեան մօտ։
Նիւթական օգուտի կամ անձնական շահի ապահովման սիրոյն գաղափարական արժէքներու վրայէն գիծ քաշելու եւ մինչեւ իսկ բռնատէրներ հանդուրժելու կամ նախընտրելու հիւանդութիւնը վարակիչ դարձած է ոչ միայն ընդհանրապէս, երկրագունտի չորս ծագերուն եւ Երրորդ Աշխարհի տարածքին, այլեւ նոյնիսկ Շուէտի նման յառաջադէմ ու հասարակական շեշտակի զարգացում ապրած երկիրներու մէջ։
Համաճարակի տարողութիւն ստացող ընկերային այս որոմէն բնականաբար զերծ չեն նաեւ Հայաստանն ու հայ երիտասարդութիւնը։ Հայաստանի վերանկախացումէն քսան տարի ետք, փաստօրէն, սուր կերպով օրակարգի վրայ դրուած է, այսօր, մեր ժողովուրդին քուէն արժեցնելու եւ ժողովրդավարական մշակոյթը արմատաւորելու հրամայականը՝ յառաջիկայ խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութեանց առ ի նախապատրաստութիւն շեշտելով կարեւորութիւնը քաղաքացիական համապատասխան շարժումի կազմակերպման ու ծաւալումին։
Կառավարման համակարգի փտածութեան դէմ այսօրինակ ձեռնթափութիւնը եւ, ընդհանրապէս, քաղաքական ու հասարակական արժէքներու առումով ապագաղափարականացումը ախտանշական դրսեւորումներն են ինչպէս համաշխարհային, այնպէս եւ ներազգային մակարդակներու վրայ մեր ապրած հիմնական արժէքներու եւ արժեչափերու փոփոխութեանց ժամանակաշրջանին։
Բայց ակնբախ է, որ միայն բացասական չեն մեր ապրած դարաշրջանին բերած փոփոխութիւնները։ Նոյնքան հիմնական արժէքներ ու արժեչափեր նաեւ դրականօրէն զարգացում կ՛ապրին։
Նոյնինքն ապագաղափարականացման կամ ապայեղափոխականացման հակումները, որոնք անցեալին բաղդատած շեշտուած կը թուին ըլլալ նորօրեայ երիտասարդութեան, ինչու չէ նաեւ ընդհանրապէս հասարակութեանց մօտ, իրենց խորքին ունին եւ կը դրսեւորեն նաեւ դրական փոփոխութիւններ։ Ինչպէս աշխարհի տարածքին քիչ մը ամէն տեղ, այնպէս եւ հայ իրականութեան մէջ նոր սերունդը, նման հակումներ դրսեւորելով, անոնց ընդմէջէն նաեւ արմատական հիասթափութիւն մը ի՛ր ձեւով կ՛արտայայտէ, երբ գաղափարախօսութիւնները եւ յեղափոխական հոսանքները կ՛արժեւորէ՝ զանոնք կրող շարժումներու եւ կուսակցութիւններու իրական ընթացքը քննելով ու անսկզբունք նկատելով, սեփական արժէքներէն նահանջելու անոնց պատեհապաշտութիւնը տեսնելով ու կտրականապէս մերժելով։
Այլ խօսքով՝ երբ հաւաքական ու ազգային արժէքներէ, ժողովրդավարութենէ եւ հաւասարութենէ, ազատութենէ ու արդարութենէ ճառող գաղափարական հոսանքներ, պետական համակարգեր կամ քաղաքական ուժեր չեն յարգեր ինքնահաւատարմութեան պայմանը, հետեւանքը բնականաբար կ՛ըլլայ հասարակութեանց ապրած արմատական հիասթափութիւնը թէ՛ անոնց ներկայացուցչական կառոյցներուն, թէ՛ առաջադրած գաղափարներուն նկատմամբ։
Պէտք չկայ ետ երթալու մինչեւ խորհրդային ամբողջատիրութեան օրինակը՝ հաստատելու համար, որ Ստալիններն ու Պրեժնեւները փաստօրէն իրենց անձին ու շրջապատին «սեփականաշնորհեցին» մարդկութեան ծանօթ ամէնէն համայնապաշտ գաղափարախօսութիւնը, զայն մարմնաւորելու կոչուած պետական համակարգը նախ բարոյական եւ, ապա, քաղաքական սնանկութեան դատապարտելով։
Կը բաւէ պարզապէս աչքի առջեւ բերել մերօրեայ օրինակը արեւմտեան ժողովրդավարութեան աջակողմեան թէ ձախակողմեան այն կուսակցութիւններուն, որոնք մինչեւ իշխանութեան ղեկին հասնիլը երդուեալ պահակները կը ներկայանան արժէքային յուսատու համակարգերու, բայց որոնք իշխանութեան հասնելէ ետք կը վերածուին անհատական եւ խմբիշխանական չարաշահումներու անսկզբունք, պատեհապաշտ ու ապաբարոյական բոյներու…
Եւ կը սպասեն սեփական ժողովուրդէն, մանաւա՛նդ երիտասարդութենէն, որ հաւատք ընծայէ իրենց գաղափարներուն ու… իշխանութեան։
Ընդհանուր այս խորապատկերով ընկալուած՝ հիմնական արժէքներու եւ արժեչափերու մերօրեայ փոփոխութիւնները կու գան շեշտելու համապատասխան՝ ռազմավարակա՛ն առաջադրանքով վերանայումներու եւ ծրագրումներու հրամայականը։
Ռազմավարական՝ որովհետեւ խօսքը կը վերաբերի հիմնական արժէքներու եւ արժեչափերու ոչ այնքան նորերով փոխարինման, որքան նոր սերունդներու մտքին ու հոգիին մէջ վերաթարմացման ու նորովի արմատաւորման, մանաւանդ՝ հաւատքի վերահաստատման, որոնց ուղղութեամբ շօշափելի գործի եւ վարակիչ օրինակի երկարաշունչ ծրագիր, համապատասխան կառոյց եւ հետեւողական գործադրութիւն անհրաժեշտ են։
Կեդրոնանալով հայ իրականութեան վրայ, մեր առջեւ կը բացուի ամբողջ հորիզոնը վերասահմանում եւ գործքով վերահաստատում պահանջող հայ ազգային արժէքային համակարգին։
– Հայաստանի անկախութիւնն ու ազգային պետականութիւնը անփոխարինելի արժէքներ են, բայց տարբեր էր՝ երազայի՛ն էր անոնց ընկալումը անկախ եւ ազատ պետականութիւն պահանջող սերունդներուն մօտ, եւ հիմնովին տարբեր՝ իրական ու շօշափելի խնդիրներու լուծումը պահանջող է, Անկախութեան մէջ ու Ազգային Պետականութեամբ ապրող սերունդներուն համար։
– Հայ մշակոյթն ու գրականութիւնը նոյնպէս անփոխարինելի արժէքներ են, որոնք համեմատաբար ինքնամփոփ եւ փակ շրջանակներու մէջ ապրող սերունդներուն համար կը ներկայանային իբրեւ ինքնապահպանման ամրագոյն ամրոցներ, իսկ աշխարհին բացուած եւ ամբողջական համարկումի արագընթաց տենդէն բռնուած սերունդներու աչքին՝ առաւելապէս ինքնահաստատման զէնքեր են եւ համապատասխան վերանորոգման, աշխարհին հասկնալի ու հասանելի դառնալու կարիք ունին։
– Հայախօսութիւնը, հայաստանասիրութիւնը, հայ եկեղեցւոյ եւ հայ դպրոցի փարումը, ընտանեկան աւանդապահութիւնը եւ հայ ընտանիքի պահպանումը, հայեցի ինքնակազմակերպումը նոյնքան անփոխարինելի արժէքներ են, որոնք իրենց կարգին նոյնպէս տարբեր ընկալումներով կը ներկայանան երէկուան եւ այսօրուան սերունդներուն։ Եթէ երէկ հայութեան մայր հոսանքէն դուրս մնացողներ ու կորսուածներ էին օտարախօսն ու դաւանափոխը, օտար դպրոցէ սնանողն ու խառն ամուսնութիւն կնքողը, տեղական հայրենասիրութիւն զարգացնողն ու օտար կազմակերպութեանց յարողը, այսօր դժուար է նոյն ստորոգելիներով սահմանել հայութեան մայր հոսանքն ու… կորսուածը։
Այս բոլոր ուղղութիւններով եկած է ժամանակը հայ ազգային արժէքային համակարգի վերաթարմացման՝ նորովի վերասահմանումին ու վերահաստատումին, որպէսզի այդ հիման վրայ ազգովին կարենանք բիւրեղացնել համահայկական այն մեծ ռազմավարութիւնը, որ պիտի առաջնորդէ բոլորիս քայլերը դէպի համազգային մեր ինքնահաստատումը 21րդ դարուն։
Նոյնիսկ ուշացած ենք։
Վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդէն ձեռնարկած է պետական հասկացութեամբ Ռազմավարական Ծրագրի բաժին առ բաժին մշակումին, որուն կը պակսի, տակաւին, ժողովրդային ու ժողովրդավարական մասնակցութեան ներդրումը։
Նոյնպիսի ծրագրումի անհրաժեշտութիւնը զգալի է եւ արդէն որոշակի շարժում նկատելի է նաեւ համահայկական մեր կառոյցներու մակարդակին վրայ։ ՀՄԸՄի մշակած Ռազմավարական Ծրագիրը այդ առումով քայլ մը առաջ նետելու պատրաստակամութիւն է, որ հայ իրականութեան աշխարհացրիւ ու խայտաբղէտ քարտէսին համապատասխան վերանորոգման կը փորձէ արժանացնել շուրջ հարիւրամեայ ուղի նուաճած ՀՄԸՄի հիմնական արժէքներն ու սկզ-բունքները։
Հայախօս եւ օտարախօս սերունդներուն հաւասարապէս հասանելի ըլլալու մեծ խնդիրը պէտք է լուծել։
Կազմակերպումի աւանդական միջոցներն ու եղանակները արագ հաղորդակցութեան եւ անկաշկանդ իրազեկման այս դարուն համահունչ պէտք է գործեն։
Միութենականն ու համակիրը, ղեկավարն ու շարքայինը, փորձառուն եւ արհեստավարժը պէտք է գտնեն իրենց համադրուած աշխատանքը արդիւնաւորող կազմակերպական կառոյցը։ Անցեալին փորձուած ու արդիւնք տուած կառոյցներ նորովի քննութիւն պէտք է տան՝ նոր պայմաններու եւ պահանջներու ընդառաջելու իրենց ուժականութիւնը, կենսունակութիւնը եւ նպատակայարմարութիւնը վերահաստատելու համար։
Բայց մանաւանդ պէտք է լսել երիտասարդութիւնը եւ ունենալ անոր կարծիքը՝ հայ ազգային հիմնական արժէքներու եւ արժեչափերու վերաթարմացման ու վերահաստատման ուղղութեամբ ռազմավարական մեր ծրագիրները կազմելու համար։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ հրապարակագիր է, ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի երկարամեայ խմբագիր եղած է: Այժմ կը բնակի Աթէնք: