
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- «Երջօ Սամուէլեան-եռագոյն ֆոնտ»ը, որ լիբանանահայ գաղութին ծանօթ է ազգային, մշակութային եւ մամլոյ ոլորտներուն զարգացման նպատակով իր կատարած նիւթաբարոյական նկատառելի աջակցութիւններով, սատարելով հայ մամուլի առաքելութեան իրականացման եւ գնահատելով Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի աշխատանքները՝ 100.000 ամերիկեան տոլար նուիրած է «Ազդակի ֆոնտ»ին:
Գումարը պիտի յատկացուի «Ազդակ»ի տպագրական գործիքները հիմնովին վերանորոգելու ծրագիրին, ինչ որ սփիւռքահայ յառաջատար թերթին պիտի ընձեռէ գունաւոր էջերով լոյս տեսնելու հնարաւորութիւն: