ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Մետիամաքս».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ռապըրթ Պրատ-թքի, Յունիս 15ին անհամաձայնութիւն յայտնած է Եւրոխորհրդարանի որոշ պատգամաւորներու այն կարծիքին, թէ՝ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը «ռուսերուն ձեռքն է»:
Պատասխանելով պատգամաւորներու հարցումներուն՝ Եւրոխորհրդարանի արտաքին գործերու յանձնաժողովի կազմակերպած լսումներուն ընթացքին, Ռապըրթ Պրատթքի ըսած է, թէ Ռուսիոյ, ԱՄՆի եւ Ֆրանսայի միջեւ ծաւալած է «եզակի համագործակցութիւն»:
«Այո, մենք տարբեր շահեր ունինք, սակայն մենք ընդհանուր նպատակ ունինք՝ նոր պատերազմ չարտօնել: Այս նպատակը մեր արդիւնաւէտ համագործակցութեան շարժառիթներու գլխաւոր աղբիւրը կը հանդիսանայ: Մենք միասնական խումբ ենք եւ կ՛աշխատինք թափանցիկ կերպով», ըսած է Պրատթքի:
Ան նկատել տուած է, որ ինք դիւանագիտութեամբ կը զբաղի աւելի քան 37 տարիէ ի վեր, եւ երբեք նման արդիւնաւէտ համագործակցութեան չէ հանդիպած: Ամերիկացի դիւանագէտը նաեւ նշած է, թէ «Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներուն ներկայ տարբերակը արդար եւ հաւասարակշռուած է, եւ մենք կը փափաքինք, որ կողմերը ընդունին զայն՝ իբրեւ հիմք՝ խաղաղ համաձայնագիրի համար»:
Ռապըրթ Պրատթքի ըսած է նաեւ, որ հիմնարար սկզբունքներու հիմնական վեց տարրերը արտացոլուած են 2009ին եւ 2010ին Լաքուիլայի եւ Մուսքոքայի մէջ ընդունուած՝ Ռուսիոյ, ԱՄՆի եւ Ֆրանսայի նախագահներու յայտարարութիւններուն մէջ:
Միջնորդը յիշեցուցած է, թէ վերջերս Տովիլի մէջ եղած յայտարարութեամբ, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներուն ղեկավարները կոչ ըրած էին կողմերուն «վճռական քայլեր»ու դիմելու՝ հիմնարար սկզբունքներու ընդունման համար:
Խօսելով Քազանի մէջ սպասուող յանդիպման մասին՝ Ռ. Պրատթքի նշած է Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի եւ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովի անձնական ներդրումը կարգաւորման գործընթացին մէջ:
Խօսելով համանախագահներու աշխատանքին արդիւնաւէտութեան մասին՝ ամերիկացի միջնորդը ըսած է. «Ամենակարեւորը, որուն մենք կրցանք հասնիլ, նոր պատերազմ թոյլ չտալն է»: