
ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Մետիամաքս».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ Յունիս 15ին Պրիւքսէլի մէջ յայտարարած է, որ «եթէ կողմերը մօտ ապագային չընդունին Մատրիտեան առաջարկութիւններու հիմնարար սկզբունքները, միջնորդները ստիպուած պիտի ըլլան հանդէս գալ նոր հայեցակարգով»:
Ֆրանսացի դիւանագէտը այդ մասին խօսած է՝ ելոյթ ունենալով Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին վերաբերեալ Եւրոխորհրդարանի արտաքին գործոց յանձնաժողովին կազմակերպած լսումներուն ընթացքին:
Ներկայացնելով միջնորդներուն կողմէ եղած առաջարկներուն պատմութիւնը՝ Պեռնար Ֆասիէ ըսած է, որ 1990ականներու վերջաւորութեան համանախագահները կ՛առաջարկէին Լեռնային Ղարաբաղի՝ Ատրպէյճանի կազմին մէջ վերաընդելուզման տարբերակը, որ մերժուած էր Հայաստանի կողմէ: Միջնորդին խօսքով, 2000ականներու սկիզբը փորձ եղաւ հակամարտութիւնը կարգաւորել Լեռնային Ղարաբաղի Ատրպէյճանէն անջատման օրինականացման հիման վրայ. բան մը, զոր չընդունեց Ատրպէյճանը:
Պեռնար Ֆասիէ նշած է, որ այդ փորձերէն դասեր քաղած միջնորդները որոշեցին ընել այնպիսի առաջարկներ, որոնք թոյլ պիտի տային լուծել այն խնդիրները, «որոնց լուծումը հնարաւոր կը թուէր»:
Մասնաւորապէս, Մատրիտեան առաջարկներուն համաձայն, պէտք է ազատուին Լեռնային Ղարաբաղի կից տարածքները, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը պէտք է որոշուի ապագային՝ քուէարկութեան ճանապարհով:
Միջնորդը նշած է, որ համանախագահները այդ առաջարկին գծով կ՛աշխատէին 2005-2006ի ընթացքին, եւ անիկա «Մատրիտեան առաջարկներ» անուանումը ստացաւ 2006ի վերջաւորութեան: Գործընթացը դանդաղեցաւ 2008ին, «քանի որ Քոսովոյի անկախութեան ճանաչումը Ատրպէյճանի մտահոգութեան պատճառ դարձաւ», ըսած է Ֆասիէ:
Միջնորդին խօսքերով, համանախագահները յոյս ունէին «բեկումի» հասնելու 2009ին, եւ «ճիշդ այդ պատճառով, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներուն նախագահները, առաջին անգամ իրենց ուսերուն վերցուցին կարգաւորման հիմնարար սկզբունքները հնչեցնելու պատասխանատուութիւնը»:
Պեռնար Ֆասիէ ըսած է նաեւ, որ «2010ի սկիզբը, միայն Ատրպէյճան իր համաձայնութիւնը տուաւ առաջարկներու նորացուած տարբերակին», որմէ ետք միջնորդները կողմերուն առաջարկեցին քանի մը լրամշակուած տարբերակներ: «Այդպիսով, այսօր մենք մօտեցած ենք Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման երրորդ փուլի աւարտին», ըսած է դիւանագէտը: