
Թուրքիոյ խորհրդարանի նորընտիր երեսփոխան, Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան անդամ, Դատաւորներու եւ դատախազներու միութեան նախկին նախագահ Էմինէ Իւլքեր Թարհան, գերմանական «Ֆարնքֆուրթըր Ալկըմայնէ Սոնթակցայթունկ» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ «ցեղասպանութիւն» եզրը Թուրքիոյ մէջ պէտք է ազատօրէն արտասանուի։
Լրագրողը յիշեցուցած է, թէ Հրանդ Տինք դատապարտուած էր թրքական ինքնութիւնը վիրաւորելու յանցանքով, պարզապէս որովհետեւ ըսած էր, թէ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին հայերը ցեղասպանութեան ենթարկուած էին, ապա ան հարց տուած է, թէ ինչպէ՞ս կարելի է արդարացնել այն մթնոլորտը, որ հող կը նախապատրաստէ նման «յանցագործութիւններու» համար: Ի պատասխան՝ Թարհան ըսած է. «Կարծիքի ազատ արտայայտումը երբեք իբրեւ յանցանք պէտք չէ դիտուի։ Որեւէ կարծիք պէտք չէ հետապնդումի ենթարկուի եւ պէտք է պաշտպանուած ըլլայ»։
«Այսինքն, իւրաքանչիւր թուրք կրնա՞յ ըսել, որ 1915ին Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է» հարցումին պատասխանելով՝ թուրք երեսփոխանը նշած է. «Այս օրերուն, Թուրքիոյ մէջ պէտք է արտասանուի այդ եզրը։ Ըստ էութեան՝ անիկա կը գործածուի, սակայն միեւնոյն ժամանակ, կարելի պէտք է ըլլայ ըսել նաեւ անոր հակառակը»։
yes ays hoyuvatsı shad gı sirem yev. havadagitsem anor hed