ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Անցեալ տարի, Ատրպէյճան միջազգային քարիւղի շուկային մէջ 22.3 միլիառ տոլարի վառելանիւթ վաճառած է: Այս տարուան առաջին եռամսեակին, քարիւղի արտածումներուն միջոցաւ, Ատրպէյճան ապահոված է 7.1 միլիառ տոլար:
Ատրպեճանական քարիւղը կ՛արտադրէ Ատրպէյճանի միջազգային գործող ընկերութեան (Azerbaijan international operating company) հովանոցին տակ հաւաքուած տասը ընկերութիւններու խումբը, որուն շարքին են՝ «Պրիթիշ Փեթրոլիում»ը, «Էքզոն-Մոպիլը», «Շեվրոն»ը եւ այլն: Տասնեակին մաս կը կազմէ նաեւ ատրպեճանական «ՍՕՔԱՐ» ընկերութիւնը, որ ըստ ներքին պայմանաւորուածութեանց, կը ստանայ ընդհանուր եկամուտին 80 առ հարիւրը, այսինքն՝ 18.4 միլիառը:
«ՍՕՔԱՐ»ը իր այս աստղաբաշխական եկամուտներով, պետութեան մէջ պետութիւն է: Աւելի ճիշդը, «ՍՕՔԱՐ»ի կառավարման համակարգը գրեթէ միահիւսուած է պետական-վարչական համակարգին հետ, ուր միահեծանօրէն կը տիրապետէ Ալիեւեան գերդաստանը՝ անշուշտ իր գլուխը ունենալով նախագահը եւ գործակից ունենալով անոր նշանակած ազգական-բարեկամ կամակատարները:
«ՍՕՔԱՐ»ի գործելակերպը, բազմաթիւ ոլորտներու մէջ անոր ստեղծած ձեռնարկութիւնները, ստեղծած են այնպիսի՛ հսկայական կառոյց մը, ուր բանող տրամաբանութիւնը՝ ուժի լծակներու պահպանման, փոխադարձ շահաւէտ յարաբերութիւններու զարգացման, հարստութեան իւրացման գործընթացներու կատարելագործման ու զանոնք հանրութեան աչքերէն թաքցնելու նպատակն է, զոր կը հետապնդէ:
«ՍՕՔԱՐ» ընկերութեան ու ատրպեճանական պաշտպանութեան կառոյցներու բաւիղներուն մէջ ստեղծուած փոսերը, կարողութիւնը ունին ատրպեճանական քարիւղէն ապահովուած միլիառներէն շատ աւելի մեծ գումարներ փոշիացնելու՝ զանոնք Ալիեւեան գերդաստանի անդամներու դրամատնային հաշուեհամարներուն փոխանցելով:
Իսկ բնակարան երազող անօթեւան ազերին, կամ պատերազմի հրահրուած հզօր զինավառութիւն ակնկալող բանակայինը, թող սպասեն աւելի լաւ ժամանակներու, կամ… թող պարզապէս շարունակեն խաբկանքով ապրիլ: