
Քալիֆորնիահայ բժշկական ընկերակցութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան 26րդ ճաշկերոյթը, որ տեղի ունեցած է Շաբաթ, Մայիս 21ին, Հոլիվուտի «Ռենեսանս» պանդոկին մէջ, մասնակցութեամբ աւելի քան 500 համակիրներու, յաջողութեամբ պսակուած է:
Ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի մէջ լուսնոտ երեխաներու օժանդակութեան համար ընկերակցութեան տարած աշխատանքներուն:
Ձեռնարկին ընթացքին մեծարուեցան քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ. Սիմոն Չեքմետեան եւ հիւանդապահուհի ու դասախօս դոկտ. Զարմինէ Նաքաշեան, որոնք լաւագոյնս կը մարմնաւորեն դարմանումի կարօտ հիւանդներուն եւ զանոնք դարմանելու լաւագոյն կարողութիւնը ունեցողներուն միջեւ կամուրջ մը հանդիսանալու միութեան նպատակը:
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր յայտնի կատակաբան ու դաշնակահար Գեւ Օրքեան, իսկ բացման աղօթքը կատարեց նախկին առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեան:
Ապա, բարի գալուստի խօսք արտասանեց միութեան նախագահ տոքթ. Վիգէն Սեփիլեան, յատկապէս նշելով պատուոյ հիւրերը, որոնց մէջ կային պետական պաշտօնատարներ եւ բժշկական համալսարաններու ու հիւանդանոցներու տնօրէններ:
Ան նաեւ ներկայացուց միութեան աշխատանքները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց միութեան համակիրներուն ու անդամներուն: Ան աւելցուց, թէ նախորդ տարուան ձեռնարկին հասոյթով կարելի եղած է Հայաստանի մէջ ամառնային ճամբար մը կազմակերպել շաքարաշտէ տառապող պատանիներու համար:
Ապա, ցուցադրուեցան մեծարեալներ տոքթ. Սիմոն Չեքմետեանի ու դոկտ. Զարմինէ Նաքաշեանի իրագործումները ամփոփող վաւերագրական տեսաժապաւէններ, այնուհետեւ մեծարեալները ելոյթներ ունենալով՝ շնորհակալութիւն յայտնեցին այս պատիւին համար, միաժամանակ դրուատելով Քալիֆորնիահայ բժշկական ընկերակցութեան տարած մարդասիրական աշխատանքները:
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ Գեւ Օրքեանի ներկայացումներով, որոնք արժանացան ներկաներուն շարունակական ծափողջոյններուն:
Աւարտին, տոքթ. Սարինէ Մելիտոնեան եւ տոքթ. Վիգէն Սեփիլեան ներկայացուցին ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորները եւ գլխաւոր բարերարը, որ այս տարի միութեան Տիկնանց օժանդակ մարմինն էր:
