ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Արմէնփրէս».- Յունիս 15ին, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած Լեռնային Ղարաբաղի հարցով լսումներուն ընթացքին, Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոմիութեան նախկին յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպի ըսած է. «Ռուսիա մեծ ազդեցութիւն ունի Հարաւային Կովկասի մէջ եւ կրնայ մեծ ներդրում ունենալ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ, յատկապէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով»։
Ան նաեւ յայտնած է, թէ Ռուսիա մեծ աշխուժութիւն սկսած է ցուցաբերելու 2008ին Վրաստանի հետ պատերազմէն ետք: «Ռուսիա կը տեսնէ տարածաշրջանին մէջ զարգացումները վերահսկելիութենէ դուրս գալու կանխման անհրաժեշտութիւնը», ըսած է Փ. Սեմնեպի՝ ընդգծելով, որ տարածաշրջանին մէջ պատերազմի բռնկումը վնասակար պիտի ըլլայ ե՛ւ կողմերուն, ե՛ւ Ռուսիոյ, ե՛ւ Եւրոպայի համար:
Անդրադառնալով տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ դերին՝ Սեմնեպի նշած է, որ Թուրքիան, հասկնալի պատճառներով, մեծ դեր չէ խաղացած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման գործին մէջ:
«Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի դադրեցման պատճառը, կը կարծեմ, բոլորս ալ կը հասկնանք՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնն ու այս հարցով Թուրքիոյ դիրքորոշումն է: Հայ-թրքական յարաբերութիւնները պէտք է ընթանան սեփական հունով` անկախ ԼՂ խնդիրէն, սակայն անոնց կարգաւորումը կրնայ ունենալ նաեւ դրական ազդեցութիւն խնդիրի լուծման գործին վրայ», ընդգծած է Փ. Սեմնեպի: