
«Հարփըրզ» ամսաթերթի Յունիս թիւին մէջ, իսրայէլացի ու պաղեստինցի գործիչներէ բաղկացած ու պաղեստինեան տարածքներուն իսրայէլեան բռնագրաւման խաղաղ միջոցներով վերջ տալու համար պայքարող «Թաայուշ» կազմակերպութեան անդամ, Երուսաղէմի «Հիպրու» համալսարանի դասախօս Տէյվիտ Շուլման, Կանտիի կեանքին ու բրիտանական գաղութատիրութեան դէմ անոր մղած պայքարին նուիրուած նոր հատորի մը քննարկումին ընդմէջէն անդրադարձած է պաղեստինեան տագնապին: Ան կը գրէ, թէ փոքրաթիւ պաղեստինցիներ եւ իսրայէլացիներ հետեւորդներ են Կանտիի առաջ մղած պահանջատիրական պայքարի խաղաղ տարբերակին, ընդունելով հանդերձ, թէ վստահ չէ, որ նման պայքար մը կրնայ յաջողիլ Իսրայէլի մէջ, ինչպէս որ յաջողելու հաւանականութիւն պիտի չունենար ստալինեան վարչակարգին, նացիներու, «Խմեր ռուժ»ի կամ թիպեթցիներու պարագային՝ Չինաստանի դէմ:
Սակայն հակառակ այս խոչընդոտին, պաղեստինցիներէն եւ իսրայէլացիներէն որոշ հատուած մը յոյսի նշոյլներ կը տեսնէ կանտիական ընտրանքին մէջ:
Իբրեւ օրինակ, յօդուածագիրը կը խօսի այս տարուան Մարտ 14ին իսրայէլեան բանտէ մը, 15ամսեայ բանտարկութենէ մը ետք ազատ արձակուած պաղեստինցի Ապտալլա ապու Ռահամայի մասին, որ պաղեստինեան Պիլին գիւղին մէջ, վերջին վեց տարիներու ընթացքին իսրայէլեան «ապահովական պատ»ին դէմ տեղի ունեցող շաբաթական ցոյցերուն մղիչ ուժն է: Այս ցոյցերուն ընթացքին, իսրայէլացի զինուորները ցարդ երկու ցուցարար սպաննած են եւ վիրաւորած հարիւրաւոր ուրիշներ: Իսրայէլացիները ապու Ռահաման ամբաստանած էին «վայրագութիւն հրահրել»ու յանցանքով, պարզապէս որովհետեւ գիւղին մէջ ցուցադրած էր խաղաղութիւն խորհրդանշող արուեստի գործ մը, որ շինուած էր իսրայէլացիներու կողմէ արձակուած փամփուշտներու մնացորդացով: Այս ամբաստանութեան դէմ ապու Ռահամա հարց կու տայ. «Իսրայէլեան անցարգելները, սահմանը փակելու կամայական որոշումները, մեր հողերուն բռնագրաւումը, ապօրինի բնակեցման վայրերը եւ գիշերային ձերբակալութիւնները հրահրիչ չե՞ն», եւ կ՛աւելցնէ, թէ Իսրայէլի իսկական վախը պաղեստինցի, իսրայէլացի եւ այլ երկիրներէ մարդկային իրաւանց գործիչներու կողմէ առաջ մղուող խաղաղ պայքարն է:
Խօսելով այլ պաղեստինցի գործիչի մը մասին, որուն եղբայրը իսրայէլացի զինուորներուն կողմէ սպաննուած է այն միջոցին, երբ կը փորձէր նոյն այդ զինուորները քարկոծող պաղեստինցի պատանիներ զսպել, յօդուածագիրը կը յիշէ Կանտիի մէկ խօսքը՝ «Միայն զօրաւորը կրնայ ներել», որմէ ետք կը փոխանցէ գործիչին՝ Ալի ապու Աուատի խօսքերը. «Ներկայիս պայքարը վերածուած է զոհերու միջեւ մրցումի մը: Հրեան իմ թշնամիս չէ, այլ անոր վախն է իմ թշնամիս: Պէտք է իրեն օգնենք, որպէսզի դադրի այս վախը: Կը հասկնամ ուրկէ կու գայ անոնց վախը, սակայն կը մերժեմ հրէական վախին զոհ դառնալ: Ատելութիւնը թոյն է, իսկ վրէժխնդրութիւնը՝ կացութիւնը աւելի կը վատթարացնէ: Ներելը լաւագոյն վրէժն է»:
Շուլման կը գրէ նաեւ իսրայէլեան բռնագրաւման դէմ պայքարող հրեաներու մասին եւ կը նշէ, թէ հրէական խմբակ մը Երուսաղէմի բռնագրաւեալ տարածքին մէջ ամէն Ուրբաթ օր կը դիմէ իսրայէլեան ապօրինի բնակեցման վայրերուն դէմ ցոյցերու, որոնց պատճառով ներկայիս կը դատուին աւելի քան 160 հրեաներ: Ան յոյս կը յայտնէ, որ արաբական աշխարհը կլանած ժողովրդավարականացման արշաւը աստիճանաբար կը հասնի նաեւ Իսրայէլ, եւ կոչ կ՛ընէ հրեաներուն, որ այդ պարագային՝ պաղեստինցիներու կողքին կանգնին ու անոնց դիմագրաւելիք վտանգները կիսեն՝ խաղաղ միջոցներով վերջ դնելու համար բռնագրաւման: