Ս. Մ.
Խրատ տուողը իմաստուն կ՛ըլլայ, կ՛ըսեն։
Նախագահ Օպամա Երեքշաբթի օր անգամ մը եւս ապացուցեց, որ իմաստուն մէկն է, որովհետեւ խրատեց Սուտանի հակամարտ կողմերը՝ հիւսիսցիներն ու հարաւցիները, որպէսզի վերջ տան սահմանային գօտիին վրայ շաբաթներէ ի վեր սաստկացող արիւնալի բախումներուն։
«Պատերազմը, բիրտ ուժը լուծում չի բերեր», ըսաւ հանճարեղ նախագահը, իմաստուն արտայայտութեամբ մը եւս հարստացնելով իր վաստակը։
Եթէ Լիպիոյ Քազաֆին, Աֆղանիստանի Քարզայը կամ Փաքիստանի Կիլանին նոյն խրատը տան Օպամային, ան իրաւունք ունի պատասխանելու. «Լռեցէ՛ք, ապուշներ, դուք ի՞նչ կը հասկնաք ատանկ բաներէ»։ Ատոնք ու նմանները ապուշ են, հետեւաբար, անոնց խրատը ազդու չի կրնար ըլլալ, տեղ չի հասնիր։
Խրատ տալու համար, իմաստուն պէտք է ըլլաս։ Եթէ իմաստունի վարկ շահեր ես, իրաւունք ունիս տուած խրատիդ հակառակը ընելու, մարդ բան չ՛ըսեր։ Իմաստունի վարկդ ամենափրկիչ է…