
ԵՐԵՒԱՆ.- Յունիս 15ին, Եւրոնեսթի Խորհրդարանական վեհաժողովին, Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը՝ Վահան Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ, նախաձեռնած էր աշխատանքային երկրորդ քննարկումի մը՝ Արեւելեան գործընկերութեան քաղաքացիական հասարակական նիստի ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ հասարակական կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ:
Խորհրդարանականներու հետ հանդիպման նպատակը քաղաքացիական հասարակական նիստին՝ Արեւելեան գործընկութեան վերաբերեալ ներկայացուցած առաջարկներու քննարկումն էր:
Եւրոնեսթի ԽՎի մէջ հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան ընդգծած է, որ իրենք պիտի աշխատին բաց եւ թափանցիկ կերպով. «Դա է որդեգրուած քաղաքականութիւնը, որով առանջորդուելով էլ՝ աշխատանքային այս քննարկումներին հրաւիրում են թէ՛ շահագրգիռ բոլոր կողմերին եւ թէ լրատուամիջոցների ներկայացուցիչներին», ընդգծած է ան:
Բանախօսը նկատած է, որ «Ազգային փլաթֆորմ»ի գործունէութեան չորս ուղղութիւններ կը համընկնին Եւրոնիսթի ԽՎի մշտական չորս յանձնաժողովներու ոլորտներուն հետ՝ ժողովրդավարութիւն, մարդու իրաւունքներ, արդիւնաւէտ կառավարման եւ կայունութեան ոլորտ, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան համաժողովի քաղաքականութիւն:
«Ազգային փլաթֆորմ»ի ներկայացուցիչ եւ համակարգող Վաչէ Քալաշեանի ամփոփած առաջարկները ստանալէ ետք, խորհրդարանականները պիտի փորձեն զանոնք բանաձեւել Եւրոնեսթին մէջ:
Յունիս 21ին տեղի պիտի ունենայ Բիւրոյի առաջին նիստը, որուն ընթացքին պիտի յստականայ քննարկուելիք հարցերուն շրջանակը: Հասարակական հատուածի ներկայացուցիչները ողջունած են պատգամաւորներուն հետ համագործակցելու նախաձեռնութիւնը՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով գործնական մասնակցութիւն բերելու զեկոյցներու պատրաստման գործին մէջ:
Նշենք, որ հայկական պատուիրակութեան տասը անդամները աշխուժօրէն կը նախապատրաստուին Եւրոնեսթի ԽՎի յանձնաժողովներու, ապա նաեւ աշնան կայանալիք լիագումար նիստի աշխատանքներուն: Պատուիրակութեան անդամ Խաչիկ Յարութիւնեան արդէն պատրաստած եւ ներկայացուցած է բանաձեւի նախագիծ՝ գիւղատնտեսական անմշակ հողերուն վերաբերեալ: